Գաղութային

Մաշտոց Գոլէճի Հունձքը՝  92 Նոր Շրջանաւարտ

Մաշտոց Գոլէճի Հունձքը՝ 92 Նոր Շրջանաւարտ

Թագաժահրի պարտադրած սահմանափակումներն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելով՝ Մաշոտց քոլեճը համակարգչային հեռակայ ուսուցման արդիական բոլոր միջոցները օգտագործելով, շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը, որը բեղմնաւորուեցաւ: Ուրբաթ, 26 յունիսին 92 մանկավարժութեան ուսանողներ ակադեմական իրենց տարազներով մէկ առ մէկ բեմ բարձրանալով ստացան իրենց համապատասխան վկայականները ձեռամբ քոլեճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի: Լիզա Մարիկեան եւ Սելինա Աւանեսեան կը ստանան իրենց վկայականները մանկավարժութեան մէջ Շրջանաւարտներու աչքերուն մէջ...

Շարունակելով Ժողովուրդ-Ակումբ Կապը.   Ընթրիք-Խրախճանք Արագածի Մէջ

Շարունակելով Ժողովուրդ-Ակումբ Կապը. Ընթրիք-Խրախճանք Արագածի Մէջ

Լիբանանի ներկայ անկայուն կացութիւնը մեր բոլորին վրայ ծանր կը կշռէ բնականաբար, սակայն, հակառակ ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներուն, լիբանանահայ գաղութը կը շարունակէ իր գոյատեւումը, որ կ՛արտացոլայ գաղութին զանազան միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն աշխատանքներուն մէջ: ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, որ ամիսներէ ի վեր զանազան առիթներով կը համախմբէ շրջանի բնակիչները ճաշի թէ ընթրիքի սեղաններու շուրջ եւ այս առիթով կը լսէ անոնց մտահոգութիւնները,  ուրբաթ,  28 փետրուարի երեկոյեան, Արագած...

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալուն Համար Հայ Մտաւորականները Շնորհակալական Այցելութիւն Տուին Սուրիոյ Դեսպանատուն

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալուն Համար Հայ Մտաւորականները Շնորհակալական Այցելութիւն Տուին Սուրիոյ Դեսպանատուն

26 փետրուարին խումբ մը հայ մտաւորականներ այցելեցին Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն, հանդիպում ունեցան դեսպանին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Հանդիպման կազմակերպիչն է «Հայաստանի ժողովրդական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Վազգէն Պետրոսեան, մասնակիցներուն կարգին էին` Արցախի հերոս Արկադի Տէր Թադեւոսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Փետրուարեան Ձեռնարկներ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Փետրուարեան Ձեռնարկներ

Հայ ժողովուրդի տարեկան տօնացոյցին մէջ հարուստ ամիսներէն է փետրուարը, երբ կը տօնախմբուին Բարեկենդանն ու Տեառնընդառաջը, ինչպէս նաեւ կը նշուին Վարդանանքն ու Արցախի ազատագրական պայքարը: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը անմասն չի մնար նշելէ այս առիթները. եւ ամէն տարուան նման` ա՛յս տարի եւս ձեռնարկներ կազմակերպուեցան վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ` յիշելու եւ տօնախմբելու զանոնք: Տեառնընդառաջ Տեառնընդառաջի նախօրեակին` 13 փետրուարին, վարժարանի բակին մէջ վառեցաւ...

Մեսրոպեան Վարժարանը Նշեց Վարդանանց Տօնը

Մեսրոպեան Վարժարանը Նշեց Վարդանանց Տօնը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` վերանորոգելով իր ուխտը հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին: 19 փետրուարին Մեսրոպեանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները առանձին հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը` անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը` նոր սերունդին համար: Նախակրթարանի աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին մէջ` հիւր...

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններուն.  Վարդանանց Ճակատամարտը Պայքարն Էր Ազգային Արժանապատուութեան Եւ Խիղճի Ազատութեան»  Հաստատեց Վիգէն Աւագեան

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններուն. Վարդանանց Ճակատամարտը Պայքարն Էր Ազգային Արժանապատուութեան Եւ Խիղճի Ազատութեան» Հաստատեց Վիգէն Աւագեան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան,  չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2019-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Քրիստ Դարբինեան: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր տօնն է հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային փրկութեան, յաղթութեան,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 18 փետրուար 2020-ին Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը յատուկ հանդիսաւորութեամբ տօնուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքին ընդմէջէն յիշուեցան Աւարայրի  ճակատամարտին նահատակուած բոլոր հոգեւորականներուն անունները: Երեկոյեան,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաքական ընթրիք, որուն աւարտին միաբաններէն մէկը կարդաց Ս. Ղեւոնդ Երէց քահանային քարոզը` ուղղուած հայոց բանակին: Ապա կաթողիկոսը...

Արցախի Լրատուական Դաշտը Համալրուած Է Տպագիր Նոր Պարբերականով Մը

Արցախի Լրատուական Դաշտը Համալրուած Է Տպագիր Նոր Պարբերականով Մը

Արցախի մէջ փետրուար 17-ին լոյս տեսած է «Արցախի խորհրդային սպաների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան «Պատիւ Ունեմ»-«Չեսթ Իմէյու» երկլեզու թերթի անդրանիկ թիւը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»-ը: Պարբերականը տպագրուած է Ստեփանակերտի «Դիզակ պլիւս» հրատարակչութեան տպարանին մէջ` իբրեւ սկիզբ առայժմ 1 մամուլ ծաւալով եւ 250 օրինակ տպաքանակով: Նոյն օրը տպարանին մէջ տեղի ունեցած է նոր լուսընծայ պարբերականին գինեձօնը` հիմնադիրներուն մասնակցութեամբ: Թերթի խմբագիր Միքայէլ...

«Ներառական Կրթութեան Ծրագիր»-ի Համար Գործակցութիւն` Հայկազեան Համալսարանի, Լիբանանի Կրթութեան Եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան Եւ ՄԱԿ-ի Մանուկներու Արտակարգ Իրավիճակի Հիմնադրամին Միջեւ (UNICEF)

«Ներառական Կրթութեան Ծրագիր»-ի Համար Գործակցութիւն` Հայկազեան Համալսարանի, Լիբանանի Կրթութեան Եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան Եւ ՄԱԿ-ի Մանուկներու Արտակարգ Իրավիճակի Հիմնադրամին Միջեւ (UNICEF)

Հայկազեան համալսարանը նշանակուած է իբրեւ խորհրդատու կառոյց` «Ներառական կրթութեան փորձառական ծրագիր»-ին, որ սկիզբ առած է Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան կողմէ, գործակցութեամբ նոյն նախարարութեան կրթական հետազօտութեան եւ զարգացման բաժանմունքին եւ նեցուկը կը վայելէ ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամին (UNICEF) եւ Քանատայի կառավարութեան: «Ներառական կրթութեան ծրագիր»-ին նպատակն է զարգացնել եւ յառաջ մղել ներառական կրթութիւնը Լիբանանի պետական դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ...

Հայ Աւետարանական Միացեալ Պաշտամունք Վարդանանց Տօնին Առիթով

Հայ Աւետարանական Միացեալ Պաշտամունք Վարդանանց Տօնին Առիթով

Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը միացեալ պաշտամունքով նշեց Սրբոց Վարդանանց  տօնը, հինգշաբթի, 20 փետրուարին, հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս: Օրուան պատգամաբերն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, նաեւ` ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի նորընտիր ատենապետը: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Պատգամաբերը իր խօսքերը հիմնեց Մատթէոսի Աւետարանին մէջ գտնուող «Լերան քարոզ»-ի Քրիստոսի խօսքերուն վրայ,...

Բարեկենդանի Տօնը Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Բարեկենդանի Տօնը Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով ուրբաթ, 21 փետրուար 2020-ին Ազգային Միացեալ վարժարանը  իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը: Շուրջ շաբթուան մը պատրաստութենէ ետք վարժարանի աշակերտութիւնը ուրբաթ  առաւօտուն դպրոց ներկայացաւ սովորականէն աւելի բարձր տրամադրութեամբ, ժպիտերես եւ խանդավառ: Ակներեւ էր, որ  աշակերտներ իրենց հետ բերած էին ծպտուելու յատուկ տարազներ եւ դիմակներ: Դպրոցական սովորական օրուան աւարտին բոլոր բաժանմունքները...

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Տիգրանակերտցի Ննջեցեալներուն Եւ Հայրենակցական Միութեան Անդամներու Հաւաք

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Տիգրանակերտցի Ննջեցեալներուն Եւ Հայրենակցական Միութեան Անդամներու Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան վարչութեան, կիրակի, 16 փետրուար 2020-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ տիգրանակերտցի նոր ու հայ ննջեցեալներուն եւ նահատակներուն: Կրօնական արարողութեան մասնակից եղան միութեան անդամները, ապա անոնք հաւաքուեցան «Եռագոյն» սրահ, ուր մատուցուեցաւ հոգեսուրճ եւ կատարուեցաւ աղօթք` ննջեցեալներու հոգւոյն համար: Այս առիթով վարչութեան անդամները կատարեցին միութեան անդամացուցակներու թարմացում: Խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Կրեկուար...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Անթիլիասէն Երեք Երիտասարդ Միաբան Հայրեր Մեկնեցան Վատիկան 15 փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, երեք երիտասարդ միաբան հայրեր` Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ հիւսիսային Յունաստանի), Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» թանգարանի), Զարեհ վրդ. Սարգիսեան (վարիչ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին) մեկնեցան Վատիկան` ընդառաջելով Վատիկանի միջքրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն կը միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Պսակ վրդ. Թէփիրճեան: Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ...

«Տեառնընդառաջը Միայն Շարականներ Չէ, Միայն Կրակ Վառել Չէ, Այլ Հոգիով Եւ Սրտով Տիրոջ Առջեւ Երթալ Է», Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

«Տեառնընդառաջը Միայն Շարականներ Չէ, Միայն Կրակ Վառել Չէ, Այլ Հոգիով Եւ Սրտով Տիրոջ Առջեւ Երթալ Է», Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

Հինգշաբթի, 13 փետրուարի  կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը` որպէս անշարժ տօն, մեր եկեղեցին կը յիշատակէ 14 փետրուարին, այսինքն` Քրիստոսի ծնունդէն 40 օրեր ետք, եւ իմաստը Քրիստոսի տաճար ընծայումն է, աւելցնելով,...

Հայրենադարձ Արեւելագէտին Սուրիոյ Տագնապին Մասին Դասախօսութիւնը` Մալեզիոյ Միջազգային Հարթակին Մէջ

Հայրենադարձ Արեւելագէտին Սուրիոյ Տագնապին Մասին Դասախօսութիւնը` Մալեզիոյ Միջազգային Հարթակին Մէջ

23 յունուարին  Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի Իսլամական մասնագիտացած հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկին մէջ (International Institute of Advanced Islamic Studies- IAIS) տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արարատ Կոստանեանի դասախօսութիւնը` «Սուրիոյ տագնապին հիմնական պատճառները» խորագիրով: Դասախօսութիւնը նախատեսուած եղած է հիմնարկի գիտադասախօսական կազմին համար, անոր մասնակցած է նաեւ հիմնարկի նախագահութիւնը` նախագահ, փրոֆեսէօր Մոհամետ Հաշիմ Քամալին, փոխնախագահ Մոհամետ Ազամ...

«Հայ Դպրոցը` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւր»

«Հայ Դպրոցը` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւր»

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Դուրսի ցուրտին կու գար հակադրուելու աշակերտներուն կայտառութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յատուկ, Տեառնընդառաջի աւանդական տօնը նշելու վառ պատրաստակամութիւնը: Այսպէս, վերջին դասապահուն, հայկական աւանդութեան հաւատարիմ, դպրոցի աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողներ հաւաքուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ` նշելու Տեառնընդառաջը եւ վառելու աւանդական խարոյկը: Օրուան հիւրն էր...

Մեսրոպեանի Աշակերտները Կատարեցին Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստում

Մեսրոպեանի Աշակերտները Կատարեցին Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստում

13 փետրուար 2020-ին, եւ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստում, ըլլալու այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին սուրբ մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց որպէս հաւատաւոր քրիստոնեայ: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագի ընթացքին, զոր մատուցեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ եղան`...

Բաբգէն Արք. Չարեան Հոգեւոր Առաքելութեան 35-ամեակ Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանի Տուչութիւն Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանին

Բաբգէն Արք. Չարեան Հոգեւոր Առաքելութեան 35-ամեակ Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանի Տուչութիւն Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանին

Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին ի նպաստ` «Առաջնորդի ընթրիք»-ը տեղի ունեցաւ 26 յունուար 2020-ին, թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի հովանաւորութեամբ ու տէր եւ տիկին Ղուկաս եւ Գարէն Տէր Ղուկասեան ամոլին նախագահութեամբ: Յանուն Ազգային վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ Համբիկ Գարայեանը, որ նշեց, թէ առաջնորդ սրբազանին 35-ամեակին առթիւ Ազգային առաջնորդարաին մէջ հիմք կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան» բարեսիրական հիմնադրամին:...

Միացեալ Նահանգներ.  25 Նորագիրներ Միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերուն

Միացեալ Նահանգներ. 25 Նորագիրներ Միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերուն

Շաբաթ, 25 յունուարին, Էնսինոյի Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ 24 հայորդիներ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն` ընկերական լայն շրջանակի մը ներկայութեան տալով իրենց երդումը: Երդման հանդիսաւոր արարողութեան բացումը կատարեց նորագիրներու կուսակցական նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպած յանձնախումբի անդամ Արամ Մանուկեան: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթօ Քէօլէեանը որ իր պատգամը ուղղէ եւ երդումը գլխաւորէ` Դաշնակցութեան...

Արցախի Թեմի Առաջնորդարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Պաքուի Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած

Արցախի Թեմի Առաջնորդարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Պաքուի Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած

3 փետրուարին, Արցախի թեմի առաջնորդարանին մէջ, «Արցախ» մամլոյ ակումբին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` Պաքուի ջարդերուն 30-րդ տարելիցին առիթով: Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք.  Մարտիրոսեան խօսեցաւ Արցախի թեմի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Ըստ անոր, Արցախի թեմի ծրագիրները մնացած են նոյնը, ինչպէս էին իրենց սկսման ատեն` 1989-ին, երբ 60 տարուան դադարէ ետք վերաբացուեցաւ Արցախի թեմը: Ըստ սրբազանին, իրենց նպատակը եղած է վերադարձնել...

Page 3 of 68 1 2 3 4 68

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?