Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ. թագաւորին` ծանօթանալու համար Յորդանանի մէջ բացայայտուած հրթիռներու արտադրման բջիջի հարցին շուրջ հետաքննութիւններու արդիւնքներուն եւ «իր ամբողջական պատրաստութիւնը յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ համակարգման ու գործակցութեան նկատմամբ»:
Հանրապետութեան նախագահը արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարին ցուցմունք տուաւ հետաքննութիւններու հարցով իր յորդանանցի պաշտօնակիցին հետ համակարգում կատարելու եւ ապահովական ու արդարադատական ծառայութիւններու գործակցութեամբ տեղեկութիւններու փոխանակում կատարելու:
Յորդանան 15 ապրիլին հրապարակեց Յորդանանի ազգային անվտանգութիւնը թիրախաւորող, Յորդանանի մէջ քաոս ստեղծելու եւ նիւթական վնասներ հասցնելու ծրագիրներուն մեղսակիցներու յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն, գլխաւոր 3 անձերէ բաղկացած բջիջը սկսած է գործել 2021 թուականին:
Բջիջը կը ծրագրէր Յորդանանի մէջ հրթիռներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրել, ինչպէս նաեւ թագաւորութեան մէջ անդամներ զինուորագրել ու մարզել:
Բջիջի անդամներուն ընդհանուր թիւը 16 է: Ըստ յորդանանեան գաղտնի սպասարկութեան հրապարակած տեսերիզին, բջիջի պարագլուխ Իպրահիմ Մոհամետ բջիջի երկու անդամներ ուղարկած է Լիբանան` կապ հաստատելու համար Պէյրութի մէջ կազմակերպական պատասխանատուի հետ:
Անոնք Լիբանանի մէջ մարզուած են եւ սկսած են ինքնաշարժով հրթիռներու մասեր փոխադրել Յորդանան: Անոնք 2022 թուականին Լիբանանի մէջ Իսլամ եղբայրներու անդամ Իպրահիմ անունով յորդանանցիի մը կողմէ 20 հազար տոլար ստացած են:
Անոնք շուրջ 300 «Կրատ» տիպի 3-5 քիլոմեթր հասողութեամբ հրթիռներ կը պատրաստէին:
Յորդանանեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են. «Անոնք արտաքին կողմերու հետ գործակցեցան եւ շրջանային պետութիւններէ գումարներ ստացան: Բջիջներու մարզումը տեղի ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ, ինչ որ Հըզպալլայի անդամներու հետ Համաս շարժումի Լիբանան հաստատուած քաղաքական եւ մարտական ղեկավարներու հետ հաղորդակցութիւնները ցոյց կու տան»:
Աղբիւրները նաեւ մատնանշեցին «իրանեան ֆինանսաւորման գոյութեան մասին կարգ մը ապացոյցներ, որոնք կապ ունին արեւելեան ճակատը Իսրայէլի հետ բախումի մէջ ներքաշելու Թեհրանի ջանքերուն հետ»:
Միւս կողմէ, «Հատաս» երէկ հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի հետախուզութիւնը Այն Հըլուէի, Սուրի եւ Նահր Պարետի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ Համասի անդամներ կալանաւորած է:
Զինուորական աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնած են. «Բանակը Յորդանանի կամ որեւէ արաբական պետութեան քանդման նպաստել պիտի չարտօնէ»: