Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ օր Հռոմի մէջ»:
«Աքսիոս» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը գոհ էր Օմանի մէջ բանակցութիւններու առաջին փուլէն, որ ընթացած է ըստ ճշդուած ծրագիրին եւ իրագործած իր նպատակները, որոնք բանակցութիւններու ձեւաչափը անուղղակիէն ուղղակիի փոխելն էին: Թրամփ կ՛ուզէ, որ այդ ձեւաչափը կիրարկուի Հռոմի մէջ, եւ բանակցութիւններու վայրը փոխուած է ամերիկեան կողմին առաջարկով:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը կայքին յայտնած է. «Գլխաւոր երկու բանագնացները` ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, շաբաթ օր մօտաւորապէս 45 վայրկեան զրուցեցին, ինչ որ աւելի երկար է, քան այն, ինչ որ յայտարարուեցաւ»:
Աղբիւրը ամերիկացի եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ 8 տարիէ ի վեր պատասխանատուներու մակարդակի վրայ այդ զրոյցը որակած է իբրեւ «խորքային, լուրջ եւ հոյակապ»:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սքայ նիուզ»-ին յայտնեց. «Հռոմ համաձայն գտնուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու փուլ մը հիւրընկալելու Իրան-ամերիկեան դիմումին»: