«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը ամերիկացի պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդեց. «Ամերիկեան բանակը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ իր ներկայութիւնը կրճատելու»:
Պաշտօնատարները նշած են, թէ ծրագիրը կրնայ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան կէսի նուազեցումը ներառել: