Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ուիթքոֆ. «Իրանի Հետ Կարելի Է Համաձայնութիւն Գոյացնել Նախքան Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Տը Աթլանթիք»-ին յայտնեց. «Կազայի մէջ երկարատեւ որեւէ լուծում պէտք է Համասի ամբողջական ապազինումը ներառէ»` աւելցնելով, որ «Իսրայէլի մէջ գերիներու ազատ արձակման բանակցութեան ճամբով լուծումի հասնելու շուրջ բուռն պառակտում գոյութիւն ունի»: «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան հասանելիութիւնը տակաւին հեռու է», նշեց Ուիթքոֆ: «Ռուսիան եւ Ուքրանիան հաւասարապէս պատասխանատու են մինչեւ...

Թրամփ Գոված Է Սուրիոյ Նախագահ Շարհը

Թրամփ Գոված Է Սուրիոյ Նախագահ Շարհը

Սէուտական Արաբիա այցելութիւն կատարած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի օր Ռիատի մէջ հանդիպած էր Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ: Լրագրող մը այդ հարցով Թրամփին հարցուցած է, թէ Սուրիոյ նախագահի մասին ի՞նչ կարծիք ունի: Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատասխանած է, որ հիանալի կարծիք ունի Շարհի մասին, որ ան «երիտասարդ, գրաւիչ տղայ է, լուրջ անցեալ ունի, անցեալի շատ լուրջ մարտիկ է»: Այն...

Հեկսեթ. «Պաշտպանութեան Նախարարութեան  Մէջ Աշխատանք Կը Տանինք Գործադրելու  «Ուժի Ճամբով Խաղաղութիւն» Նշանաբանը»

Հեկսեթ. «Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Աշխատանք Կը Տանինք Գործադրելու «Ուժի Ճամբով Խաղաղութիւն» Նշանաբանը»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ Քաթարի Ատիտ ռազմակայանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Աշխատանք կը տանինք ամէնուր գտնուող մեր մարտիկներուն համար, եւ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատանք կը տանինք գործադրելու «ուժի ճամբով խաղաղութիւն» նշանաբանը»: «Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով մարդիկ կը միանան մեր զինեալ ուժերուն, եւ Ամերիկան Թրամփի ղեկավարութեան տակ նախկինէն աւելի հզօր պիտի ըլլայ», նշեց Հեկսեթ: «Թրամփի ղեկավարութեան տակ...

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի  Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին  Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի երկիրներ վեհաժողովը, որուն մասնակցեցան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին` Քաթարի շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը, Քուէյթի շէյխ Մեշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանը, Պահրէյնի Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆա իշխանը, Օմանի փոխվարչապետ Ասաատ Պըն Թարեք Ալ Սայիտը, Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Խալետ Պըն Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ...

Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն  Սալման-Էրտողան Ժողով

Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն Սալման-Էրտողան Ժողով

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ ժողովը, որուն մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալման իշխանը եւ առցանց կերպով` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ ժողովի ընթացքին Թրամփ Շարհին ըսած է, թէ «իր առջեւ մեծ առիթ գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ նոր պատմութիւն կերտելու», ինչպէս նաեւ...

Փեսքով. «Ռուսիա-Հայաստան Յարաբերութիւնները Չեն Ընդհատուած Եւ Չեն Կրնար Ընդհատուիլ»

Փեսքով. «Ռուսական Պատուիրակութիւնը Պոլսոյ Մէջ Պիտի Սպասէ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչներուն»

Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ պիտի սպասէ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներուն: Այս մասին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մեր պատուիրակութիւնը այնտեղ պիտի ըլլայ եւ ուքրանական կողմին պիտի սպասէ», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը: Ան չէ մանրամասնած Ռուսիոյ բանակցային խումբի կազմը, ինչպէս նաեւ չէ նշած հանդիպումի մեկնարկի ճշգրիտ ժամը: Բացի ատկէ Փութինի մամլոյ քարտուղարը մերժած է մեկնաբանել Ուքրանիոյ նախագահ...

Արաղչի. «Հաւանական Է, Որ Ուրբաթ Օր Թուրքիոյ Մէջ  Եւրոպական Պետութիւններու Հետ Հիւլէական  Բանակցութիւններ Տեղի Ունենան»

Արաղչի. «Հաւանական Է, Որ Ուրբաթ Օր Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Պետութիւններու Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններ Տեղի Ունենան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ հաւանական է, որ ուրբաթ օր Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հիւլէական բանակցութիւններու նոր փուլ տեղի ունենայ: Արաղչի Միացեալ Նահանգներու հետ իրանեան կողմի անուղղակի բանակցութիւններու 4-րդ փուլի աւարտէն ետք յայտնած էր. «Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները նախկին փուլերէն աւելի լուրջ էին»: Ան Միացեալ Նահանգներու հետ Օմանի մէջ բանակցութիւնները դրական որակած...

Ֆարհան. «Կազայի Մէջ Պատերազմի Դադրեցման  Անհրաժեշտութեան Շուրջ Գոյացաւ  Սէուտ-Ամերիկեան Համաձայնութիւն»

Ֆարհան. «Կազայի Մէջ Պատերազմի Դադրեցման Անհրաժեշտութեան Շուրջ Գոյացաւ Սէուտ-Ամերիկեան Համաձայնութիւն»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտած է Սուրիոյ աջակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսած, որ Թրամփի Ռիատի մէջ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը յայտարարելը կարեւոր նշանակութիւն ունի եւ...

Մաքրոն. «Ուքրանիան Կը Գիտակցի, Որ Չի Կրնար  Վերադարձնել 2014-էն Ի Վեր  Կորսնցուցած Բոլոր Տարածքները»

Մաքրոն. «Ուքրանիան Կը Գիտակցի, Որ Չի Կրնար Վերադարձնել 2014-էն Ի Վեր Կորսնցուցած Բոլոր Տարածքները»

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը հասկնան, որ չեն կրնար 2014 թուականէն ի վեր կորսնցուցած իրենց բոլոր տարածքները վերադարձնել: Այս մասին «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն: «Մենք պէտք է Ուքրանիոյ օգնենք, որ ինքզինք պաշտպանէ, սակայն մենք չենք ուզեր Համաշխարհային երրորդ պատերազմ սկսիլ»: Անոր կարծիքով, զինուորական գործողութիւնները պէտք է աւարտին, եւ Քիեւը պէտք է «բանակցութիւններուն վերադառնալու համար լաւագոյն դիրքի վրայ...

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Ռիատի Եամամա պալատին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ պաշտօնական բանակցութիւններ ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ Ռազմավարական տնտեսական գործընկերութեան  փաստաթուղթին շուրջ: Բանակցութիւններու աւարտին անոնք ստորագրեցին նշեալ փաստաթուղթը: Երկու կողմերը նաեւ ստորագրեցին շարք մը երկկողմանի համաձայնութիւններ եւ շարք մը ոլորտներու, ներառեալ ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւններ: Հանդիպումին...

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը,  Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի  Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը, Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Յառաջիկայ օրերուն ամբողջ ուժով (Կազա) մուտք պիտի գործենք Համասի պարտութիւնը ամբողջացնելու համար»: «Մեր ուժերը պատրաստ են, եւ եթէ Համաս որոշէ 10 գերիներ վերադարձնել, զանոնք պիտի ստանձնենք եւ գործողութիւնը շարունակենք», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պիտի չըլլայ կացութիւն մը, ուր պատերազմը պիտի դադրեցնենք, սակայն կրնանք որոշ ժամանակի համար զինադադար հաստատել, ապա մինչեւ վերջ շարունակել»: «Կազայի մէջ դէպի բացարձակ...

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին,  Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին, Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆ եւ Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քիթ Քելլոկ պիտի մեկնին Պոլիս, ուր 15 մայիսին Ուքրանիոյ հարցով ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով աղբիւրներ: «Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, Թրամփի ներկայացուցիչները պիտի սահմանափակուին Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ երկխօսութեան ծիրին մէջ միայն դիտորդի դերով: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 11 մայիսի...

Փեսքով. «Ռուսիան Կը Շարունակէ  Պոլսոյ Մէջ Ուքրանիոյ Հետ  Բանակցութիւններուն Պատրաստուիլ»

Փեսքով. «Ռուսիան Կը Շարունակէ Պոլսոյ Մէջ Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Պատրաստուիլ»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիան կը շարունակէ պատրաստուիլ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն, որոնք նախատեսուած են 15 մայիսին թրքական Պոլիս քաղաքին մէջ»: «Ռուսական կողմը կը շարունակէ պատրաստուիլ յառաջիկայ հինգշաբթի օր Պոլսոյ մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն», ըսաւ ան: «Եւրոպան Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնի եւ չի կրնար պնդել, որ բանակցութիւններուն մէջ հաւասարակշիռ գործելաոճ կը կիրարկէ», նշեց Փեսքով: Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին...

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի սկսին նախապատրաստել, եթէ Մոսկուան մինչեւ օրուան վերջը զինադադարի չհամաձայնի: Երէկ այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Քոռնելիուս: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ պատրաստ է 15 մայիսին անձամբ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, սակայն Մոսկուան մինչ այդ պէտք է երկարաժամկէտ զինադադարին համաձայնի: «Վաղուընէ պիտի սպասենք...

Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին`  Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան  Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»

Ուաշինկթըն. «Ռուպիոյի Առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Կռիւին Վերջ Տալն ու Հնդկաստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Կայունութեան Ամրապնդումն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ շեշտած է, թէ Ուաշինկթընի գերակայ առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կռիւը դադրեցնելն ու անմիջապէս զինադադար հաստատելն է: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, թէ Ռուպիօ եւ անոր բրիտանացի պաշտօնակից Տէյվիտ Լամին ընդգծած են, թէ անհրաժեշտ է, որ Հնդկաստանն ու Փաքիստանը յարգեն զինադադարը, եւ երկու...

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը  Իր Ինքնալուծարումը Կը Յայտարարէ.  Թուրքիա Կ՛ողջունէ

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Իր Ինքնալուծարումը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Կ՛ողջունէ

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց իր ինքնալուծարման մասին: Կուսակցութիւնը նաեւ նշեց Թուրքիոյ հետ աւելի քան 40 տարի տեւած տագնապի աւարտին մասին: ՔԱԿ-ը հրապարակեց իր 12-րդ ընդհանուր ժողովի որոշումները, որոնք կը ներառեն կուսակցութեան լուծարում, ինչպէս նաեւ զինեալ պայքարի եւ կուսակցութեան անունով բոլոր աշխատանքներու դադրեցում: ՔԱԿ-ը, որ Թուրքիոյ, Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի, 1984 թուականէն ի վեր...

Պրազիլի Նախագահը Առաջարկած Է  Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ  Միջնորդ Ըլլալ

Պրազիլի Նախագահը Առաջարկած Է Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ Միջնորդ Ըլլալ

9 մայիսին Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու ժամանակ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվա իր թեկնածութիւնը առաջարկած է իբրեւ Ուքրանիոյ հետ հաւանական բանակցութիւններուն մէջ միջնորդ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Պրազիլ» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով հանրապետութեան ղեկավարի միջազգային հարցերով յատուկ օգնական Սելսօ Ամորիմը: Կը նշուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին Լուլա Տա Սիլվա քննարկած է Փեքինի եւ Պրազիլի միացեալ ջանքերով...

«Միայն Միացեալ Նահանգները Կրնան Իսրայէլին  Ստիպել Պատերազմը Դադրեցնել»  Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութեան Փոխնախագահը

«Միայն Միացեալ Նահանգները Կրնան Իսրայէլին Ստիպել Պատերազմը Դադրեցնել» Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութեան Փոխնախագահը

Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Շէյխ յայտարարած է, թէ միայն Միացեալ Նահանգները կրնան Իսրայէլին «ստիպել» դադրեցնել Կազայի մէջ պատերազմը: Ան այս մասին յայտնած է «Արապիա»-ին: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Համաս շարժումը չի կրնար քաղաքական կեանքէն դուրս մնալ: Հուսէյն Շէյխ յոյս յայտնած է, որ Համաս կը ձեռնարկէ «համարձակ քայլերու», որոնք տագնապի դադրեցման կը յանգեցնեն: «Համասը ժողովուրդի մէկ մասն է, զայն կարելի...

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին  Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

Ամերիկեան «Տը Միտիա Լայն» լրատու գործակալութիւնը հաւանական նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ վեհաժողովի ընթացքին Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնայ: Ծոցի շրջանէն դիւանագիտական աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Պաղեստինի պետութեան եւ Ամերիկայի կողմէ անոր ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ, եւ պաղեստինեան պետութիւն պիտի ստեղծուի, առանց Համաս շարժումի գոյութեան»: Աղբիւրը...

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները`  Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Ռուսիան Ուքրանիոյ կ՛առաջարկէ 15 մայիսին Պոլսոյ մէջ առանց նախապայմանի վերսկսիլ ուղիղ բանակցութիւնները, որոնք ընդհատուած էին 2022 թուականին: Այս մասին Համաշխարհային Բ. պատերազմի 80-ամեակի հիւրերու հետ միջազգային հանդիպումներէն ետք իր յայտարարութեան մէջ ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Մենք կ՛առաջարկենք առանց յետաձգման սկսիլ յաջորդ հինգշաբթի` 15 մայիսին, Պոլիսէն, ուր ատոնք (բանակցութիւնները) նախապէս տեղի ունեցած էին եւ ուր ընդհատուած են», ըսած է...

Page 90 of 882 1 … 89 90 91 … 882

Արխիւներ