Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քելլոկ. «Փութին Ուքրանիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման Հիմնական Խոչընդոտն Է»

May 10, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիան համաձայնած Է Ռուսիոյ հետ համապարփակ զինադադարի, որ առաջարկած էր ամերիկեան կողմը: Այժմ զինադադարի հիմնական խոչընդոտը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն է: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ուքրանիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քիթ Քելլոկ:

«Անոնք (ուքրանացիները) համաձայնած են, որ անհրաժեշտ է համապարփակ զինադադար` ցամաքին, ծովուն եւ երկինքին մէջ, 30 օրով, որ կրնայ երկարաձգուիլ: Անոնք այսօր ատիկա կ՛ուզեն: Երկու շաբաթ առաջ վերադարձած ենք Լոնտոնէն, ուր բանակցած ենք վճռական տրամադրուած երկիրներու դաշինքի հետ` բրիտանացիներու, ֆրանսացիներու եւ գերմանացիներու գլխաւորութեամբ: Անոնք պատրաստ են այս համապարփակ զինադադարին` բազմաթիւ պայմաններով: Եւ ուքրանացիները անոր համաձայն են», ըսած է Քելլոկ:

Ան աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ հաճելի չեն բոլոր պայմանները, սակայն իրենք «կու գան այն եզրակացութեան, որ ատիկա այն ճամբան է, որով պէտք է յառաջ շարժիլ»: Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակին կարծիքով` կողմերը «մօտ են» հաւանական զինադադարին:

«Կը կարծեմ, որ մենք մօտ ենք: Միակ մարդը, որ կրնայ ատիկա ընել, նախագահ Թրամփն է: Սակայն եթէ Փութինը համաձայնի: Կը կարծեմ հիմա յառաջընթացի համար մեր մեծագոյն խոչընդոտը Ռուսիոյ նախագահն է, որ համաձայն չէ», ըսած է Քելլոկ:

Մարտին Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան կողմը Ուքրանիոյ առաջարկած էր 30 օրով համապարփակ զինադադար: Ուքրանիան համաձայնած էր ամերիկեան առաջարկին, սակայն Ռուսիան տակաւին պատասխան չէ տուած:

Մոսկուան 30-օրեայ զինադադարին փոխարէն Սուրբ Զատիկի տօնին զինադադար յայտարարած էր, ինչպէս նաեւ եռօրեայ զինադադար` 9 մայիսի, Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ յաղթանակի տօնին առիթով:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի` 74-68 Արդիւնքով

Յաջորդը

Արաղչի Կը Հերքէ Լոնտոնի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Թիրախաւորման Ծրագիրին Իրանցիներու Մեղսակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.