Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի երկիրներ վեհաժողովը, որուն մասնակցեցան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին` Քաթարի շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը, Քուէյթի շէյխ Մեշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանը, Պահրէյնի Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆա իշխանը, Օմանի փոխվարչապետ Ասաատ Պըն Թարեք Ալ Սայիտը, Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Խալետ Պըն Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը վեհաժողովի բացման խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ վեհաժողովը շրջանի կայունութեան համար գործակցութիւնն ու հաւաքական աշխատանքը զարգացնելու նկատմամբ նախանձախնդրութեան արտացոլացումն է:
«Կը ջանանք շրջանին մէջ մագլցումը կասեցնել, վերջ տալ Կազայի մէջ պատերազմին եւ պաղեստինեան դատին համապարփակ լուծում գտնել», աւելցուց ան:
Պըն Սալման ողջունեց Թրամփի մէկ օր առաջ Ռիատէն յայտարարած Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը:
Անդրադառնալով լիբանանեան թղթածրարին` Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնել եւ աջակցիլ Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը շրջանին մէջ քաոս ստեղծեց` շրջանին մէջ Իրանի թեւերուն յարձակումները արտօնելով. «Կ՛ուզեմ Իրանի հետ գործարք կնքել, սակայն պէտք է դադրեցնէ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան աջակցութիւնը եւ հիւլէական զէնք ձեռք ձգել չձգտի»:
Թրամփ ըսաւ, որ պէտք է ազատ արձակել Կազայի մէջ պահուող բոլոր գերիները եւ այս վեհաժողովի ղեկավարներուն աջակցութեամբ աշխատանք տանիլ խաղաղութեան հաստատման:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան առիթ ունի ազատելու Հըզպալլայի վերահսկողութենէն, եւ Լիբանանի նախագահն ու վարչապետը կրնան ստեղծել լաւ եւ կայուն պետութիւն մը, որ խաղաղութեամբ կ՛ապրի:
Թրամփ վերահաստատեց, որ մտադիր է ջնջել Սուրիոյ դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցները, եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին հետ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ ժողով գումարած է` քննարկելու համար Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը:
Սպիտակ տան ղեկավարը եզրափակեց, որ Ուաշինկթըն աշխատանք պիտի տանի յաւելեալ երկիրներ միացնելու Աբրահամեան համաձայնութիւններուն: