Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ հաւանական է, որ ուրբաթ օր Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հիւլէական բանակցութիւններու նոր փուլ տեղի ունենայ:
Արաղչի Միացեալ Նահանգներու հետ իրանեան կողմի անուղղակի բանակցութիւններու 4-րդ փուլի աւարտէն ետք յայտնած էր. «Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները նախկին փուլերէն աւելի լուրջ էին»:
Ան Միացեալ Նահանգներու հետ Օմանի մէջ բանակցութիւնները դրական որակած էր: