Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

May 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Ռիատի Եամամա պալատին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ պաշտօնական բանակցութիւններ ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ Ռազմավարական տնտեսական գործընկերութեան  փաստաթուղթին շուրջ:

Բանակցութիւններու աւարտին անոնք ստորագրեցին նշեալ փաստաթուղթը: Երկու կողմերը նաեւ ստորագրեցին շարք մը երկկողմանի համաձայնութիւններ եւ շարք մը ոլորտներու, ներառեալ ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւններ:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ամերիկացի միլիառատէր Իլոն Մասք:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամը 9:50-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահի օդանաւը էջք կատարեց Ռիատի օդակայանին մէջ, որ նախագահ Թրամփի Ծոցի շրջան օրերու վրայ երկարող այցելութեան առաջին փուլն է: Կը նախատեսուի, որ Թրամփ նաեւ այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ու Քաթար:

Փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք Թրամփ նշեց. «Ես եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանը իրարու հանդէպ մեծ համակրանք ունինք»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներու մէջ 600 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ, եւ Ուաշինկթըն ու Ռիատ կնքած են զէնքերու 142 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարք մը, որ «պատմութեան մէջ մեծագոյնն է»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ երկու երկիրները քննարկած են Ռիատի «Էֆ-35» հալածիչներ գնելու կարելիութիւնը:

Սպիտակ տան յայտարարութենէն ետք ամերիկեան վարկերը շարունակեցին աճ արձանագրել եւ ամերիկեան սակարանային «Նաստաք» ցուցանիշը 1 առ հարիւրի աճ արձանագրեց:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը, Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.