Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիան կը շարունակէ պատրաստուիլ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն, որոնք նախատեսուած են 15 մայիսին թրքական Պոլիս քաղաքին մէջ»:
«Ռուսական կողմը կը շարունակէ պատրաստուիլ յառաջիկայ հինգշաբթի օր Պոլսոյ մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն», ըսաւ ան:
«Եւրոպան Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնի եւ չի կրնար պնդել, որ բանակցութիւններուն մէջ հաւասարակշիռ գործելաոճ կը կիրարկէ», նշեց Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է Ուքրանիոյ հետ առանց նախապայմաններու ուղղակի բանակցութիւններ կատարել: