Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

May 12, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Տը Միտիա Լայն» լրատու գործակալութիւնը հաւանական նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ վեհաժողովի ընթացքին Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնայ:

Ծոցի շրջանէն դիւանագիտական աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Պաղեստինի պետութեան եւ Ամերիկայի կողմէ անոր ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ, եւ պաղեստինեան պետութիւն պիտի ստեղծուի, առանց Համաս շարժումի գոյութեան»:

Աղբիւրը նաեւ յայտնած է. «Եթէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչման վերաբերեալ ամերիկեան յայտարարութիւն մը հրապարակուի, ապա պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխող կարեւորագոյն յայտարարութիւնը, եւ յաւելեալ երկիրներ պիտի միանան Աբրահամեան համաձայնութիւններուն»:

Ծոցի շրջանէն նախկին դիւանագէտ Ահմետ Իպրահիմ իր կարգին «Տը Միտիա Լայն»-ին ըսած է. «Չեմ նախատեսեր, որ հարցը Պաղեստինի առնչուած ըլլայ, որովհետեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը (վեհաժողովին) չհրաւիրուեցան, անոնք Պաղեստինին ամէնէն մօտը եղող երկու պետութիւնները կը ներկայացնեն, եւ այդպիսի իրադարձութեան մը անոնց ներկայութիւնը կարեւոր էր»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա: Ասիկա յունուար 2025-ին նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Միջին Արեւելք անոր առաջին այցելութիւնն է:

13-16 մայիսին Թրամփի Միջին Արեւելք շրջապտոյտը նաեւ կը ներառէ Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւններ:

«Աքսիոս» 3 մայիսին ամերիկացի եւ արաբ պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդած էր, որ Թրամփ կը ծրագրէ Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ընթացքին Ծոցի պետութիւններու ղեկավարներուն հետ վեհաժողով գումարել:

Կը նախատեսուի, որ Ծոցի շրջանի բոլոր ղեկավարները մասնակցին Ծոց-ամերիկեան վեհաժողովին, բացի Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորէն, որ իր առողջական կացութեան պատճառով երկար ատենէ ի վեր չի մասնակցիր հրապարակային ձեռնարկներու կամ ժողովներու:

Նախորդը

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.