Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիճակագրութիւն Մը Կը Վկայէ. Ազրպէյճանի Անվտանգութեան Եւ Պաշտպանութեան Հատուածի Կորուստները Աճած Են

Յունուար 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11415_Azerbaijan«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ հրապարակուած է Ազրպէյճանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հատուածի 2014-ի կորուստներու վիճակագրութիւնը:

«Խազար» զինուորական հետազօտութիւններու հիմնարկէն (Կասպիականի պաշտպանութեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկ) «Մէյտան Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տրուած տեղեկութեան համաձայն, զանգուածային լրատուական միջոցներուն մէջ կատարուած դիտարկման հիմամբ` 2014-ի ընթացքին Ազրպէյճանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հատուածի կորուստը կազմած է 91 հոգի: Այդ ժամանակաշրջանին 117 հոգի վիրաւորուած կամ վնասուածք ստացած է:

Հիմնարկի վերլուծումներուն համաձայն, 2013-ի հետ համեմատած 2014-ին Ազրպէյճանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հատուածի կորուստները աճած են: 2013 թուականին մեռած են 81 եւ վիրաւորուած 99 հոգի:

Ըստ այդ ուսումնասիրութեան, 2014-ին Ազրպէյճանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հատուածին մէջ մահացածներէն 29-ը մարտական, 4-ը` ականի պայթումէն, 58-ը` ոչ մարտական կորուստներն են:

Հիմնարկը յայտնած է, որ 2014-ին արձանագրուած է վերջին 10 տարուան ընթացքին ամէնէն շատ կորուստը: 2013-ին մարտական պայմաններու մէջ Ազրպէյճանի մէջ մեռած զինուորներու թիւը կազմած է 11 հոգի:

Հիմնարկի տուեալներով, աճ արձանագրուած է նաեւ անձնասպանութիւններու եւ ոչ կանոնադրական դէպքերու շարքին: 2014-ին ոչ կանոնադրական յարաբերութիւններու պատճառով մեռած են 11 զինուորներ: 17 զինուորներ անձնասպանութիւն գործած են կամ ալ մահացած են անզգուշութենէն: Անցեալ տարի 13 հոգի մահացած է ինքնաշարժի արկածէ, երեք հոգի` դժբախտ դէպքերէ (ջուրի մէջ խեղդուիլ, ելեկտրահարութիւն), չորսը` անյայտ պատճառով, 10-ը` հիւանդութենէ:

Զանգուածային լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններուն համաձայն, 2014-ին մահացածներէն 80-ը եղած են պաշտպանութեան նախարարութեան, մնացեալները արդարադատութեան նախարարութեան, ներքին զօրքերու եւ պետական սահմանային ծառայութեան զինուորներ:

23 հոգի վիրաւորուած կամ վնասուածք ստացած են ոչ կանոնադրական դէպքերու, ներառեալ` անզգուշութեան, 37-ը` ինքնաշարժի արկածի պատճառով, 26-ը` հակառակորդի գնդակէն, 8-ը` անձնասպանութեան փորձի, 11 հոգի ականի պայթումի, երեք հոգի նռնակի պայթումի պատճառով, երկու հոգի վիրաւորուած են ռազմափորձերու ժամանակ, վեց հոգի դժբախտ դէպքերու (ելեկտրահարուած, վառուած) պատճառով, մէկ հոգի թունաւորուած է:

Անոնցմէ 101-ը պաշտպանութեան նախարարութեան, 7-ը` ներքին զօրքերու, 7-ը` պետական սահմանային ծառայութեան, մէկ հոգի զինակոչի գծով պետական ծառայութեան, մէկ հոգի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական ծառայութեան պահակային գունդի զինուորներ են:

Իրականութեան մէջ, սակայն, Ազրպէյճանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հատուածին մէջ կորուստները 2014-ին շատ աւելի մեծ են, որովհետեւ այն բանէն ետք, երբ Ազրպէյճանի նախագահի 24 սեպտեմբեր 2014-ի հրամանով մշակուեցաւ տեղեկատուական անվտանգութեան նոր հայեցակարգ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը չի հրապարակեր մահերու տեղեկութիւնները` փորձելով ծածկել զանոնք, իսկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները բանակին եւ ուժային կառոյցներուն մէջ կորուստներու եւ վիրաւորներու վերաբերեալ գրեթէ բացառուեցան:

«Խազար» զինուորական հետազօտութիւններու հիմնարկը ստեղծուած է հոկտեմբեր 2014-ին: Եւրոպայի մէջ ստեղծուած կառոյցին նպատակը Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի զինեալ ուժերուն մէջ իրավիճակի, տարուող զինուորական քաղաքականութիւններու վերլուծութիւնն է:

 

Նախորդը

Ըստ «Տը Թայմզ»-ի Մէկ Տակառ Քարիւղի Գինը Կրնայ Նուազիլ Քսան Տոլարէն Ալ Ցած

Յաջորդը

«Մեր Շրջանին Եւ Վերջերս Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցածին Պատասխանատուն Եւրոպական Քաղաքականութիւնն Է» Ըսաւ Ասատ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?