Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը Օհայոյի մէջ ձերբակալած է Քրիսթոֆըր Քոռնել անունով ամերիկացի երիտասարդ մը` ՏԱՀԵՇ-ի աջակցելուն եւ Քոնկրեսի շէնքին դէմ յարձակում ծրագրելուն համար:
Ըստ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի զեկուցումին, կասկածեալը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ բացած է Ռահիլ Մահրուս Ուպէյտա անունով էջեր, որոնց վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւններ, տեսերիզներ եւ ՏԱՀԵՇ-ի աջակցութեան այլ նիւթեր: Ան նաեւ աջակցութիւն յայտնած է «բիրտ ժիհատի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւ այլուր ուրիշներուն գործած վայրագ յարձակումներուն»:», աւելցուց ան: