
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի ներկայ տարուան ընթացքին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումի հասնելու համաձայնութիւն մը: Ան նշեց, որ սուրիական տագնապը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն մարդասիրական տագնապն է` նշելով, որ «Սուրիա տագնապին պատճառով քառասուն տարի ետ գնաց, եւ գոյութիւն ունի նոր պատուիրակութիւն մը, որ պիտի ուղարկուի Դամասկոս` քննարկելու համար Հալէպի մէջ կռիւը սառեցնելու ծրագիրը»:
«Սուրիոյ մէջ պէտք չէ օտարահպատակներ ըլլան, որովհետեւ Սուրիան տագնապի պատճառով քառասուն տարի ետ գնաց, եւ մենք կը ձգտինք սուրիացիներու ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթի մը», նշեց Տը Միսթուրա` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ որեւէ կողմ չի կրնար ճակատամարտին մէջ յաղթանակ արձանագրել»: