Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Իսլամականներու Դէմ Արշաւի Ծիրին Մէջ Երկու Թուրքեր Ձերբակալեց

Յունուար 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11615_GermanyԳերմանացի ոստիկաններ երէկ կանուխ առաւօտուն Պերլինի մէջ իսլամականներու վայրեր խուզարկեցին` ձերբակալելով Սուրիոյ մէջ յարձակում մը ծրագրող խմբակի մը մաս կազմող երկու կասկածելիներ: Շուրջ 250 ոստիկաններ խուզարկեցին 11 վայրեր` ձերբակալելով երկու թուրքեր: Անոնցմէ մէկը 41 տարեկան է եւ կը կարծուի թուրքերէ, չեչեններէ եւ տաղստանցիներէ կազմուած իսլամական ծայրայեղական խմբակի մը ղեկավարը ըլլալ: 43-ամեայ երկրորդ կասկածելին կը կարծուի ֆինանսաւորման հարցերով զբաղիլ:

Գերմանական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ երկու կասկածելիները այն հինգ թուրքերէն էին, որոնք քանի մը ամիսներէ ի վեր ոստիկանութեան եւ դատախազներու կողմէ հետաքննութեան կ՛ենթարկուէին:

Քանի մը ժամ առաջ Պելճիքայի մէջ ոստիկանութիւնը իր կարգին խուզարկութիւններու արշաւի մը ձեռնարկեց: Գերմանիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Վերվիէ քաղաքին մէջ Սուրիայէն վերջերս վերադարձած անդամներէ կազմուած ահաբեկչական բջիջի մը դէմ ոստիկանութեան գործողութենէն ետք պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ կանխարգիլած են ոստիկանութեան պատկանող թիրախներու դէմ «անմիջական» լայնածաւալ յարձակումներ: Փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին ոստիկանութիւնը երկու կասկածելիներ սպաննեց եւ երրորդ անձ մը ձերբակալեց: Պրիւքսէլի եւ անոր արուարձաններուն մէջ մնացեալ անդամներու փնտռտուքի աշխատանքը կը շարունակուի:

Մինչ այդ, ֆրանսական ոստիկանութիւնը չորեքշաբթի գիշեր Փարիզի արուարձաններուն մէջ «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ կատարուած յարձակումին առնչակից 12 անձեր ձերբակալեց: Փարիզի ոստիկանութիւնը երէկ յայտնեց, որ ականահարման սպառնալիք մը ստանալէ ետք երկաթուղիի «Կար տը լ՛Էսթ» կայարանը փակած ու պարպած է:

Նախորդը

«Ռուսիան Գերմանիոյ Մէջ «Եօթներու Խմբակի Ժողովին Մասնակցելու Համար Առիթներ Չունի» Կ՛ըսէ Մերքել

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրան Ամերիկեան Առաջարկին Վերաբերեալ  Արագ Պէտք Է Շարժի, Այլապէս Վատ Բան Մը Պիտի Պատահի»
Միջազգային

Թրամփ. «Իրան Ամերիկեան Առաջարկին Վերաբերեալ Արագ Պէտք Է Շարժի, Այլապէս Վատ Բան Մը Պիտի Պատահի»

Մայիս 17, 2025
Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւնները Երկու Ժամ Ետք Աւարտեցան
Գլխաւոր լուրեր

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւնները Երկու Ժամ Ետք Աւարտեցան

Մայիս 17, 2025
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Ու Սուրիոյ  Պաշտօնատարներու Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներու  Մասնակցութեամբ Գաղտնի Բանակցութիւններ
Միջազգային

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Ու Սուրիոյ Պաշտօնատարներու Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներու Մասնակցութեամբ Գաղտնի Բանակցութիւններ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?