Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շարլի Էպտօ» Լոյս Տեսաւ` Իր Կողքին Վրայ Մոհամետ Մարգարէն Վարկաբեկող Նոր Ծաղրանկարով Մը

January 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11415_Charlie-HebdoՖրանսական երգիծական «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթը, որ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ծաղրանկարներ հրատարակելուն համար 7 յունուարին ահաբեկչական յարձակումի ենթարկուած էր, երէկ լոյս տեսաւ հինգ միլիոն օրինակով եւ իր կողքին վրայ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող նոր ծաղրանկարով մը:

Կողքի ծաղրանկարը կը ներկայացնէ Մոհամետ մարգարէն, որ կու լայ` ձեռքին բռնած պաստառ մը, որուն վրայ գրուած է. «Ես Շարլին եմ»:

Հրատարակիչները սկիզբը այս թիւը հրատարակած էին 3 միլիոն օրինակով, սակայն շուտով տպաքանակը 5 միլիոնի բարձրացուցին, երբ Ֆրանսայի մէջ շաբաթաթերթի օրինակները անմիջապէս սպառեցան: Մարդիկ շարքի կեցան ձեռք ձգելու համար «Շարլի Էպտօ»-ի նոր թիւը, որ լոյս տեսաւ վեց լեզուներով, ներառեալ` անգլերէն, արաբերէն եւ թրքերէն:

Կողքի ծաղրանկարը լոյս պիտի տեսնէ նաեւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնը»-ի, իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա»-ի եւ բրիտանական «Տը Կարտիըն»-ի մէջ: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը հրատարակեց շաբաթաթերթին մէկ բաժինը, ներառեալ` առաջին էջին փոքր նկարը, սակայն ապահովական նկատառումներով հրաժարեցաւ թիւը ամբողջութեամբ հրատարակելէ:

Եգիպտոսի Ազհարը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իսլամներուն կոչ ուղղեց անտեսելու ծաղրանկարը: Ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապը յայտարարեց. «Շարլի Էպտօ»-ի կատարած վարկաբեկումը ընդլայնելով ներառեց կրօնները, եւ այդ մէկը անմարդկային ու անբարոյական է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց, որ այդ ծաղրանկարը «իսլամներուն զգացումները կը վիրաւորէ»: «Մենք աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ ահաբեկչութիւնը կը դատապարտենք, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը դատապարտենք այս վարկաբեկիչ քայլը, որ առաւ թերթը», ըսաւ ան` զգուշացնելով, որ այդ քայլը «կրնայ ահաբեկչութեան ոլորապտոյտ մը գրգռել»:

ՏԱՀԵՇ «Շարլի Էպտօ»-ի քայլը «մեծ անմտութիւն» մը կոչեց:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ յայտարարած էր. «Մենք ամբողջովին կ՛աջակցինք նման բաներ հրապարակելու «Շարլի Էպտօ»-ի իրաւունքին: Այդպէս կ՛ըլլայ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ»` աւելցնելով. «Մենք անշուշտ կը հասկնանք այն մարդիկը, յատկապէս` իսլամները, որոնք այս տեսակի դիմանկարներու առիթով ուժեղ զգացումներ ունին»:

Նշենք, որ Եմէնի մէջ Քայիտայի մասնաճիւղը երէկ պաշտօնապէս ստանձնեց «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ կատարուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը:

Փարիզի ընդհանուր դատախազը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի մէջ 54 անձեր ձերբակալուած են` ահաբեկչութիւնը արդարացնելու եւ գովաբանելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, ֆրանսական «Քանար Անշենէ» երգիծական շաբաթաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ տեղի ունեցած յարձակումէն մէկ օր ետք սպառնալիք ստացած է: «Այժմ ձեր կարգն է», ըսուած է խմբագրութեան ուղարկուած ե-նամակին մէջ:

Նախորդը

Քերրի Կը Զօրակցի Սուրիոյ Շուրջ Խաղաղութեան Նոր Բանակցութիւններ Կատարելու Ռուսական Ջանքերուն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.