Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

April 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_International-pressՄիջազգային բոլոր լրատուամիջոցները կարեւորութեամբ անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ այդ առթիւ տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Ստորեւ օրինակներ` ականաւոր լրատուամիջոցներու անդրադարձէն:

Բրիտանական «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթը հրապարակած է յօդուած Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անոր յարձակողական վերաբերմունքի եւ երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութիւններու մասին: Օրաթերթը կը գրէ.«Յանուն իր, յանուն հայերու եւ յանուն արժանապատուութեան ու մարդկութեան` ժամանակն է, որ Թուրքիան համաձայնութեան գայ այս հարցի շուրջ: Քիւրտերու ղեկավարները, որոնք այդ ոչնչացումները իրականացնողներն ու շահառուները եղած են, արդէն եկած են համաձայնութեան»:

«Նախագահ Էրտողան յարգանքի արժանի է հայկական բանավէճի երկարատեւ թապուները կոտրելու համար եւ իր քիւրտ ապստամբներու հանդէպ խաղաղասիրական նախաձեռնութեան համար: Սակայն Թուրքիոյ ապագան, յատկապէս` Եւրոպական միութեան հետ յարաբերութիւնները, միշտ պիտի ըլլան ստուերուած, մինչեւ այն ատեն որ չկայ իր պատմութեան ամբողջական առերեսում: Միայն այդպիսի քայլի պարագային հնարաւոր է հասնիլ սահմաններու մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու հետ համաձայնութեան եւ խրախուսական օրինակ ըլլալ պառակտուած տարածաշրջանին մէջ յարանուանական վէճերուն», կը գրէ օրաթերթը:

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան ամերիկացի չորս վկաներու արձանագրութիւնները, որոնք կը նկարագրեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ գործուած վայրագութիւններու մանրամասնութիւնները: Չորս վկաներն են` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպան Հենրի Մորկնթաուը, հայերու հետ Սեբաստիա քաղաքը լքած ամերիկացի միսիոնար Մերի Ճեֆրամ, Հալէպի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ճեսի Ճեքսըն եւ ամերիկացի հոգեւորական Հենրի Ռիկզ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի կայքը կը գրէ.«Այսօր մենք հայ ժողովուրդի հետ միասին կը սգանք», աւելցնելով.«Այս պահուս Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ 1 դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած արարողակարգը: Հայաստան կ՛ըսէ, որ 1 դար առաջ զոհուած են 1,5 միլիոն անմեղ մարդիկ, սակայն այդ թիւը վիճարկելի է Թուրքիոյ համար»: «Պի.Պի.Սի.» ներկայացուց 100-ամեակի արարողակարգի կարեւորագոյն հատուածները:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ.«Լրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարին: Ցեղասպանութենէն փրկուածներու զաւակները պատմած են իրենց ընտանիքներու պատմութիւնները: Անոնք կը պատմեն, թէ ինչպիսի՛ ազդեցութիւն ունեցած են զանգուածային ջարդերը ընտանիքներու պատմութեան վրայ»: Օրաթերթը կը ներկայացնէ այդպիսի պատմութիւններ:

Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը գրէ.«Հայկական ջարդեր: Ի՞նչ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ ինչո՞ւ Թուրքիան չի ճանչնար եղելութիւնը: Ի՞նչ է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Համաշխարհային Ա. պատերազմի կորուստներէն ետք, Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը կը սկսի կրճատել քրիստոնեայ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու թիւը, եւ այդ ամէնը այնքան կը խորանայ, որ հրաման կ՛արձակուի հայերը Անատոլուէն վտարելու Սուրիա»:

Ամերիկեան «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ.«Գերմանիան քայլերու կը ձեռնարկէ 100 տարի առաջ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն ճանչնալու ուղղութեամբ` անտեսելով այն մտավախութիւնը, որ այդ որոշումը կրնայ խափանել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները եւ լարուածութիւն յառաջացնել երկիրին մէջ: Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին գերմանական խորհրդարանը նախաձեռնած է հայերու կոտորածները ցեղասպանութիւն որակելու բանաձեւի որդեգրման: Թէեւ բանաձեւի վերաբերեալ քուէարկութիւնը ամառէն առաջ տեղի պիտի չունենայ, փաստաթուղթին աջակցող օրէնսդիրներուն մեծ մասը չի կասկածիր վերջնական արդիւնքին: (…) «Հայերու ճակատագիրը զանգուածային հաշուեյարդարի, ցեղային նոյնիսկ ցեղասպանութեան պատմական վառ օրինակ է, որով մեկնարկած է 20-րդ դարը», ըսուած է Գերմանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ քննարկուած բանաձեւին մէջ»:

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մարդկութեան Դէմ Ոճիր Է Եւ Գործադրուած Է Օսմանեան Թուրքիոյ Կողմէ` Փանթուրանական Նպատակներով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Լիբանանցի Պետական Անձնաւորութիւններուն Եւ Քաղաքական Կազմակերպութիւններուն Զօրակցական Կեցուածքները Հայութեան Նկատմամբ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.