Ապրիլ 24-ին Քանատայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ ապրիլ ամիսը Քանատայի մէջ հռչակել ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս: Բանաձեւը մարտ 26-ին ներկայացուած էր Քանատայի խորհրդարանի անդամ, եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Պրատ Պաթի կողմէ:
Վաւերացուած բանաձեւը կ՛ըսէ.
Ներկայացուցիչներու այս տունը կը վերահաստատէ ճանաչումը.
– Ողջակիզումի յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-24), որ որդեգրուած էր 7 նոյեմբեր 2003-ին:
– Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը (M-380), որ որդեգրուած է 21 ապրիլ 2004-ին:
– Ռուանտայի ցեղասպանութեան բանաձեւի միաձայնութեամբ որոշումը, որ որդեգրուած էր 7 ապրիլ 2008-ին:
– Ուքրանական սովասպանութեան յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-459), որ որդեգրուած էր 29 մայիս 2008-ին:
Ներկայացուցիչներու այս տունը Քանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու յիշատակը բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերուն, ապրիլ ամիսը ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութեան յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս, եւ Քանատայի Ներկայացուցիչներու տունը կը ճանչնայ առնչակից յիշատակման օրերը.
– Ապրիլ 7-ը Ռուանտական ցեղասպանութեան յիշատակման օր,
– Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր,
– Հրէական լուսնային օրացոյցին համաձայն ճշդուած օրը` Եոմ Հաշոա, Ողջակիզման յիշատակման օր,
– Նոյեմբերի չորրորդ շաբաթ օրը` Ուքրանական Սովասպանութեան յիշատակման օր: