Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Լրատուամիջոցները` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

April 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-27-15_Turkish-pressԹրքական բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ երէկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթեր եղած են: Անոնցմէ ոմանք կոչ ուղղած են ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, ոմանք ալ ամէն կերպ փորձած են ժխտել զայն: Իսկ թրքական երկու պարբերականներ երէկ լոյս տեսած են հայերէն կողքով:

«Ճումհուրիյէթ» թերթը հայերէնով «Այլեւս երբեք» խորագիրով լոյս տեսած է: «100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ ապրող մարդոց համար կը սգանք», գրած է թերթը:

«Օսմանեան կայսրութեան շրջանին տեղի ունեցած աղէտի ցաւը տակաւին թարմ է: Մարդկային խիղճը, իրաւունքն ու արդարութեան զգացումը կաթուածահար ընող այդ վէրքին հետ առերեսուելու ժամանակն է, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնուի», գրած է թերթը:

«Թարաֆ» օրաթերթի առաջին էջին վրայ փրոֆեսէօր Այհան Աքթարի հարցազրոյցն է` «Թէ՛ տեղահանութիւն, թէ՛ ցեղասպանութիւն» վերնագիրով:

Փրոֆեսէօր Աքթար կը նշէ, որ տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը իրարմէ տարանջատելը դժուար է: «Պուրսայի, Էսքիշեհիրի, Ատափազարի մէջ տեղահանութիւն եղաւ, մարդիկը վակոնները լեցուցին ու ստիպեցին լքել իրենց բնակավայրը: Սակայն նոյնը չեմ կրնար ըսել Մուշի, Էրզրումի եւ Տիգրանակերտի համար: Այնտեղ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»:

«Պու Կիւն» օրաթերթին մէջ «Եւս երկու երկիր ցեղասպանութիւն ըսաւ» վերտառութեամբ նիւթ կայ: «Էրտողանի` նոր պալատին մէջ ընդունած Հռոմի պապէն ետք Փութինն ալ ըսաւ «ցեղասպանութիւն»: Կաուքն ալ նմանատիպ յայտարարութիւն ըրաւ»:

«Սէօզճիւ» պարբերականը կը գրէ. «Թուրքիան Ռուսիոյ Աքքույու հիւլէակայանի կառուցման իրաւունքը տուաւ, սակայն Ռուսիոյ  առաջնորդ Փութին «կոլ դրաւ»: Փութին 24 ապրիլ 1915-ին տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» կոչեց»:

«Էվրենսել» թերթը լոյս տեսած է «Առերեսուէ՛» խորագիրով: «Ազգերու  բարեկամութեան վրայ հիմնուած պատուաբեր ապագայ կառուցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան պէտք է առերեսուիլ ու վերջ տալ 100-ամեայ ամօթին», գրած է թերթը:

«Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթը լոյս տեսած է հայերէն «Տե՛ս, իմացի՛ր, առերեսուէ՛» խորագիրով: «Այսօր հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: 1915-ին պետութիւնը ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւն իրականացուց` կոտորելով 1.5 միլիոն հայեր եւ 500 հազար ասորիներ: Այդ վէրքը արդէն 100 տարիէ բաց է: Իշխանութիւնը կը ժխտէ, սակայն ազգերը կ՛ըսեն` «Ճանչցի՛ր, առերեսուէ՛, ներողութիւն խնդրէ՛»:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ծաւալուն հարցազրոյցն է:

«Սապահ». «Մեր ցաւերը համատեղ են, պատրաստ ենք խօսելու» վերնագիրով լուրին տակ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնն է այն մասին, որ ընդհանուր ապագայ կառուցելու համար հայաստանցի ղեկավարներուն հետ պատրաստ են հանդիպելու:

Նախորդը

Ապրիլ 24-ը Քանատայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակուեցաւ

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ . Ռայի Պատրիարքի Եւ Ղասսան Մուխայպերի Կեցուածքները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.