«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ ապահովական մարմինները կը գտնուին պատրաստ վիճակի մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքներուն պատճառով: Հաւատադրժողական խմբաւորման կայքին վրայ տեղադրուած են լուսանկարներ եւ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Մենք ձեր փողոցներուն մէջ ենք: Սպասեցէք X ժամին»:
Լուսանկարները առնուած են Հռոմի կեդրոնին մէջ, մասնաւորաբար Քոլիզէի եւ Ցուցահանդէսի կեդրոնին առջեւ, ուր շուտով պիտի բացուի համաշխարհային ցուցահանդէս, եւ նոյնիսկ ոստիկաններու կողքին:
Ապահովական մարմինները այժմ կը փորձեն գտնել, թէ ինչ սարքի միջոցով առնուած են լուսանկարները: Իտալական հետախուզութենէն աղբիւրներ կը նշեն, որ սպառնալիքները, ամենայն հաւանականութեամբ, ոչ թէ ահաբեկչութեան մասին նախազգուշացումներ են, այլ երկրի խոցելիութիւնը ցոյց տալու միջոց: