Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Ոստիկանութիւնը Միջամտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Առիթով Կազմակերպուած Երթին Եւ Ձերբակալութիւններ Կատարած

Ապրիլ 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-27-15_stambul«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին միջամտած է ոստիկանութիւնը եւ ձերբակալած վեց անձեր:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան մէջ կ՛առերեսուինք» կարգախօսով պաստառին տակ հաւաք կատարողները փափաքած են քայլարշաւ կատարել, սակայն ոստիկանութիւնը պահանջած է վերցնել պաստառը:

Բանակցութիւններէ ետք կարելի եղած է սկսիլ քայլարշաւին, սակայն ոստիկանութիւնը դարձեալ միջամտած է եւ գրաւած «Այս ցաւը բոլորիս ցաւն է: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կ՛առերեսուինք» գրութեամբ պաստառը:

Ձերբակալուած են ցոյցին մասնակիցներէն վեցը, որոնցմէ երկուքը, ըստ տեղեկութեանց, վիրաւորուած են:

Ոստիկանութեան միջամտութենէն ետք  կաթողիկէ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մօտ հաւաքուածները յայտարարութիւն հրապարակած են:

Մամլոյ համար կատարուած յայտարարութեան մասնակցած են նաեւ 2011 թուականին զինուորական ծառայութիւն կատարելու ընթացքին սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի ծնողները` Կարապետ եւ Անի Պալըքճըները:

Պոլսոյ Մէջ Բողոքի Ցոյց Եւ Պահանջ`
Ցանչնալու Ցեղասպանութիւնը Եւ Ներում Հայցելու

Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ հաւաք մը տեղի ունեցած է այն վայրին մէջ, ուր մահուան երթին ուղարկուելէ առաջ բանտարկուած են հայ մտաւորականները:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ կազմակերպիչները նշած են, որ թէեւ իրենց ընտանիքներուն մէջ չկան այնպիսիք, որոնք հայեր սպաննած են, սակայն իրենք Ցեղասպանութեան յանցագործներու թոռներն են, որոնք իրենց ուսերուն կը զգան կատարուածին ամօթն ու բարոյական պատասխանատուութիւնը: «Մեր յստակ պահանջը Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ներողութիւնը եւ հատուցումն է: Այս հին շէնքը Իպրահիմ փաշային շէնքը եղած է, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին դարձած է պոլսահայ մտաւորականներու համար բանտ: Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը վերջ տուաւ հայկական գոյութեան, յափշտակեց հայերուն ունեցուածքը, գոյքը, յիշողութիւնը: Մայր հայրենիքէն ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը ոչնչացուեցաւ, թէեւ անոնք չյաջողեցան ամբողջութեամբ վերացնել զայն», նշեց «Ո՛չ ժխտողականութեան» հարթակի ներկայացուցիչը, որ աւելցուց նաեւ, թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն նոյն ճակատագիրին արժանացան նաեւ երկրին ոչ մահմետական միւս բնակիչները` յոյները, ասորիները: Հաւաքուածները նշեցին, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք երկրին թիրախը դարձան քիւրտերը, որոնք եւս իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ:

Անոնք անգամ մը եւս կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցելու հայերէն: «Շիրմաքար չունեցող հայերը միայն այսպէս կրնան հանգիստ հանգչիլ», նշեցին անոնք: Սուլթանահմետ հրապարակին վրայ մէկ առ մէկ հնչեցին բոլոր այն քաղաքներուն եւ գիւղերուն անունները, ուր հայերը ենթարկուած են Ցեղասպանութեան: Մասնակիցները քալեցին դէպի Հայտար փաշայի կայարան, ուր 100 տարի առաջ պոլսահայ մտաւորականները աքսորուեցան դէպի արեւելք:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ իր ելոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն. «Անոնք ուժեղ մարդիկ են եւ ճիշդ գործ կը կատարեն իրենց հայրենիքին համար»:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Շարքերը Կը Խտանան Եօթը Նորաօծ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սերունդի Միաբաններով

Յաջորդը

Իշխանամէտ Թուրք Լրագրող.«Այո՛, Ցեղասպանութիւն Կատարուած Է, Այլեւս Չեմ Կրնար Ինքզինքս Խաբել»

RelatedPosts

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Միջազգային

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Մարտ 31, 2023
Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը`  «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ  Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները»  Կ՛ըսէ Փաթել
Միջազգային

Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը` «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները» Կ՛ըսէ Փաթել

Մարտ 31, 2023
Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի  Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա
Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In