Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խրիմի Անօրինական Միացումը Չի Կրնար Ընդունուիլ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

May 14, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին կոչ ուղղած է պահպանելու Խրիմի թաթարներուն հետ կապը` անոնց մեկուսացումէն խուսափելու համար:

«Ուքրանիոյ ճգնաժամը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն փխրուն է Եւրոպայի մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Ուքրանիոյ պէտք է աջակցիլ, որպէսզի ան կարենայ աւելի լաւ ապահովել սեփական ժողովուրդին անվտանգութիւնը: Ձեռք երկարելով Ուքրանիոյ` մենք պէտք չէ մոռնանք Խրիմի ժողովուրդին տառապանքները: Խրիմի անօրինական միացումը կարելի չէ ընդունիլ: Խրիմի թաթարներուն հետ կապը պահպանելը եւ անոնց մեկուսացումը կանխարգիլելը կարեւոր են այս պարագային», նշած է Տաւութօղլու:

Չաւուշօղլու. «Յետխորհրդային Տարածքին Մէջ
Ռուսիոյ Գործողութիւնները Արդարացում Չունին»

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ կարելի չէ Ուքրանիոյ եւ յետխորհրդային այլ պետութիւններու նկատմամբ Ռուսիոյ գործողութիւնները արդարացնել:

Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա պատրաստ է «կառուցողական դեր» ստանձնելու Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի միջեւ տարակարծութիւններու հարթումի հարցին մէջ, սակայն «ոչինչ կրնայ արդարացնել այն, ինչ որ Ռուսիան կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել իր դրացիներուն նկատմամբ»: Իբրեւ օրինակ ան նշած է Ուքրանիան, մասնաւորաբար Խրիմը, ինչպէս նաեւ` Վրաստանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը յիշեցուցած է Անգարայի մտահոգութիւնները այն կապակցութեամբ, որ Խրիմի մէջ թաթարական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները ճնշումներու կ՛ենթարկուին ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ:

Միեւնոյն ժամանակ, թրքական դիւանագիտութեան պետին կարծիքով` Արեւմուտքը սխալ գործեց, որովհետեւ Ուքրանիան դրաւ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ընտրութեան առջեւ: «Դժբախտաբար, թէեւ Պերլինի պատը քանդուած է, սակայն ատիկա տեղի չէ ունեցած մեր գիտակցութեան մէջ գտնուող պատին հետ», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է` Ազատ Արձակելու Քաղաքական Բանտարկեալները

Յաջորդը

«Միջերկրական Շրջանին Մէջ Մեր Վերահսկողութիւնը Վերականգնեցինք» Կը Յայտարարէ Տումայի Փոխնախագահը

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.