«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ միացեալ ռազմափորձեր սկսած են:
Ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրին հիմամբ:
Ռազմափորձերու հանգրուաններէն մէկը տեղի պիտի ունենայ երկրի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Թուրքիոյ 3-րդ բանակի հրամանատար Ումիթ Տիւնտարի վերահսկողութեան տակ:
Ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 16 մայիս: