«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր Անգարայի զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացած է Թուրքիոյ նախկին նախագահ զօր. Քենան Էվրեն: Ան 97 տարեկան էր:
Էվրեն 1980¬ին Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումը գլխաւորած է եւ հետագային դարձած հասարակական¬քաղաքական գործիչ: Ան մինչեւ 2010 անձեռնմխելի անձ էր, սակայն 2014¬ին մեղաւոր ճանչցուեցաւ պետութեան դէմ յանցագործութիւններու համար եւ զրկուեցաւ զինուորական կոչումէն: