Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը մարզելու Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա միացեալ ծրագիրի գործադրութիւնը անյայտ թուականով յետաձգուած է:
Չաւուշօղլու նշեց, որ յետաձգումը թեքնիք պատճառներով է եւ ոչ թէ Ուաշինկթընի հետ տարակարծութեան:
Միւս կողմէ, «Իխպարիյա Սուրիյա» հաղորդեց, որ Իտլիպի մէջ սպաննուած են 12 թուրք եւ իսրայէլացի սպաներ, երբ անոնց ժողովատեղին ռմբակոծուած է: