Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Սուլէյման Շահի Դամբարան. «Թուրքիա Սուրիոյ Հետ Սահմանը Պիտի Ջնջէ, Երբ Սուրիացի Ժողովուրդի Իսկական Ներկայացուցիչը Յաղթանակ Արձանագրէ» Յայտարարեց Տաւութօղլու

May 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-10-15_Suleyman-ShahԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Ալեքսանտրէթի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ հետ սահմանը պիտի ջնջէ, երբ սուրիացի ժողովուրդի իսկական ներկայացուցիչը յաղթանակ արձանագրէ եւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ ստանձնէ իշխանութիւնը»: Ան կոչ ուղղեց «դադրեցնելու եղբայրներու միջեւ կռիւները եւ Հալէպի, Լաթաքիոյ, Մուսուլի եւ Պաղտատի մէջ խաղաղութեամբ ապրելու»` աւելցնելով. «Եւ Դամասկոս քաղաքը թող ըլլայ խաղաղութեան մայրաքաղաքը»:

Տաւութօղլու ըսաւ, որ իր երկիրը շրջապատուած է շարք մը երկիրներով, ուր պատերազմներ տեղի կ՛ունենան, «ինչպէս Սուրիան, Իրաքը, Լիբանանը, Ուքրանիան, Եգիպտոսը եւ Լիպիան»` նշելով. «Թուրքիա այդ բոցերուն մէջ ամուր կը տոկայ` շնորհիւ իր ժողովրդավարութեան եւ իր ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեան»:

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետը երէկ Ուրֆայի նահանգին մէջ ընտրական հաւաքէ մը ետք թրքական բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար Հուլուսի Աքարի ընկերակցութեամբ զրահապատ մեքենաներով եւ ուղղաթիռներու պաշտպանութեան ներքեւ մուտք գործած է Սուրիա եւ այցելած սուրիական Աշմէ գիւղին մօտ եւ Թուրքիոյ սահմանէն 253 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սուլէյման շահի դամբարանը, ուր ամփոփուած են Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրին մեծ հօր աճիւնները: Փետրուարին թրքական բանակը զինուորական գործողութիւն մը կատարելով այդ դամբարանը փոխադրած էր Թուրքիոյ սահմանէն 37 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող իր վայրէն դէպի հիւսիս, ապա դամբարանը երրորդ անգամ փոխադրուած էր Սուրիոյ մէջ առաւել եւս հիւսիս:

Մեկնաբանելով անակնկալ այցելութիւնը` թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, որ դամբարանին շուրջ գտնուող հողը «Սուրիոյ մէջ ուր որ ալ գտնուի» Անգարայի կը պատկանի: 1921-ին Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութիւն մը այդ դամբարանի սկզբնական վայրը յայտարարած էր թրքական հողամաս:

Տաւութօղլու. «Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ
Պիտի Չմիջամտէ»

Թուրքիոյ վարչապետը 6 մայիսին Պինկէօլ եւ Էլազիկ նահանգներուն մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին հերքեց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի սուրիական տագնապին մէջ միջամտելու, եւ այդ լուրերը «անհիմն» նկատեց: Ան նաեւ հերքեց վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ Սուրիոյ հարցով նոր համաձայնութիւն մը գոյացած է:

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին 7 մայիսին թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնած էր, որ Թուրքիա մէկ-երկու օրէն Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու կը պատրաստուի: Ան իր աղբիւրը «հաւաստի» կոչած էր եւ Տաւութօղլուէն պահանջած բացատրութիւն տալ կամ հերքել լուրը:

Նախորդը

«Փութին Եւ Էրտողան Կը Պահպանեն Բարի Դրացիական Յարաբերութիւնները, Սակայն Տակաւին Հանդիպում Մը Չի Նախատեսուիր» Կ՛ըսէ Ուշաքով

Յաջորդը

Շէյխ Մահեր Համմուտ Ընդգծեց Հըզպալլային Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.