
– ԱՅՍՊԷՍ կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը յայտարարեց, որ իրենք կ՛ուզեն Կիպրոսի ներկայ կացութիւնը պահպանել, սակայն անոր կողքին մաս կազմել Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներուն համար աւելի լաւ ապագայ ստեղծել:
– ԻՐԱՆԻ Կեդրոնական դրամատան տնօրէն Վալիուլլահ Սէյֆ յայտարարեց, որ Հարաւային Ափրիկէն Իրանի վերադարձուցած է իր դրամատուներուն մէջ «սառեցուած» 13 թոն ոսկին, «որ երկու տարի առաջ գնուած էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ, իսկ ապա կալանադրուած պատժամիջոցներու պատճառով»: Ան նշած է, որ ատիկա կարելի դարձած է Իրանի կառավարութեան քանի մը ամիս տեւած լարուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք:
– «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի վերաբանան Հաւանայի մէջ իրենց դեսպանատունը, իսկ Քուպան` Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպանատունը: Հաւանայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան վերաբացումը կ՛ակնկալուի այս ամսուան ընթացքին:


