Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Կը Խօսուի Իշխող Կուսակցութեան Եւ Ազգայնականներուն Միջեւ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութեան Մասին

Յուլիս 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պահչելի եւ Եըլմազ
Պահչելի եւ Եըլմազ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեղադրած են Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Իսմեթ Եըլմազին խորհրդարանի նախագահ ընտրուելուն աջակցելուն համար: Յիշեցնենք, որ ազգայնականները ընտրութեան չորրորդ հանգրուանին ընթացքին չքուէարկեցին քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Տենիզ Պայքալին` անուղղակիօրէն նպաստելով, որ ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթէ Եըլմազ:

Կատարուածէն ետք, թէ՛ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, թէ՛ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարները խստօրէն քննադատեցին ազգայնականները` ընդգծելով, որ կատարուածը ապագային Արդարութիւն եւ բարգաւաճում-Ազգայնական շարժում համախոհական կառավարութեան ստեղծման ազդանշանն էր:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու նշած է, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան այդ վարմունքը նախատեսելի էր: Դժուարանալով պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք կատարուածը իշխող կուսակցութեան եւ ազգայնականներու համախոհական կառավարութեան նշա՞ն էր, քեմալականներու ղեկավարը նշած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքը ժողովրդավարութիւն կը պահանջէր, մինչդեռ ներկայիս ձեւաւորուած մթնոլորտը բնորոշ է ամբողջատիրական վարչակարգին: Ինչ կը վերաբերի իշխող կուսակցութեան եւ իր ղեկավարած կուսակցութեան միջեւ համախոհական կառավարութեան կազմութեան, ան նշած է, որ ատոր մասին յստակօրէն պիտի խօսի միայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ խօսելէ ետք:

Կատարուածին առնչութեամբ մեկնաբանութիւն կատարած էր նաեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ եւ բանբեր Հալուք Քոչ` նշելով, որ կատարուածէն ետք ակնյայտ է, որ «Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կ՛իյնայ աթոռներու ետեւէն»:

Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան մասին խօսած է նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ, որուն կուսակցութեան երեսփոխանները իրենց ձայները տուած էին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուին: Անդրադառնալով համախոհական կառավարութիւն կազմելու մասին խօսակցութիւններուն` ան ըսած է. «Որպէսզի բոլոր քարերը իրենց տեղը իյնան, անհրաժեշտ է նոր ընտրութիւն: Համախոհական կառավարութիւն կարելի է կազմել, սակայն երկար պիտի չտեւէ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում-Ազգայնական շարժում համախոհական կառավարութիւնը օրինական է, սակայն ոչ երկարատեւ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կ՛ուզեն պատերազմական կառավարութիւն ստեղծել, սակայն չեմ կարծեր, որ պիտի յաջողին»: Անդրադառնալով այն փաստին, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իր ձեռքով խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը յանձնեց իշխող կուսակցութեան, Տեմիրթաշ ըսած է. «Համախոհական կառավարութիւնն ալ կ՛երթայ այդ ուղղութեամբ»:

Սակայն Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան ընթացքին ցուցաբերած զօրակցութիւնը պիտի չազդէ իշխող կուսակցութեան համախոհական կառավարութեան կազմութեան բանակցութեանց մէջ ցուցաբերելիք դիրքորոշման վրայ` աւելցնելով, որ իրենք Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:

 

Նախորդը

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Յոյներուն Մեծամասնութիւնը Համաձայն Է Վարկատուներու Պահանջներուն Ընդունման

Յաջորդը

Ժահժահ Շնորհաւորեց Սամի Ժեմայէլը

RelatedPosts

Փութին Այցելեց Մարիուփոլ
Միջազգային

Փութին Այցելեց Մարիուփոլ

Մարտ 20, 2023
«Վիեննայի Մէջ Դրական Բանակցութիւններ Ունեցանք,  Եւ Լուծումը Դիւանագիտութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան
Միջազգային

Սալման Թագաւորը Ռայիսին Հրաւիրեց Ռիատ

Մարտ 20, 2023
Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  Այցելեց. Տնտեսութիւնը` «Քննարկումի  Մեծագոյն Առանցքը»
Միջազգային

Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց. Տնտեսութիւնը` «Քննարկումի Մեծագոյն Առանցքը»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In