Թրքական «Թէ 24» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու անակնկալ հանդիպում ունեցած է կուսակցութեան նախկին ղեկավար, Անթալիայէն ընտրուած երեսփոխան Տենիզ Պայքալի հետ:
Քեմալական կուսակցութեան նախկին եւ ներկայ ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Հանդիպումին եւ քննարկուած հարցերուն մասին որեւէ մանրամասնութիւն չի հաղորդուիր:
Հաւանաբար Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանի ամէնէն տարեց երեսփոխանին հետ քննարկած է համախոհական կառավարութեան կազմութեան առնչուող հարցեր:
«Զաման» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երկրի պաշտպանութեան նոր նախարար նշանակած է Վեճտի Կէօնիւլը, որ 2002-2011 թուականներուն այդ պաշտօնը վարած էր: