Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Յոյներուն Մեծամասնութիւնը Համաձայն Է Վարկատուներու Պահանջներուն Ընդունման

Յուլիս 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-02-15_Greece«Պլումպըրկ»` վկայակոչելով «Ճի.Փի.Օ» կազմակերպութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի տուեալները, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը զօրակցի միջազգային վարկատուներուն կողմէ երկրին ներկայացուած պայմաններու ընդունման:

Ներկայիս 5 յուլիսի հանրաքուէի ընթացքին վարկատուներուն զիջումներ կատարելու ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզի մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը: Միեւնոյն ժամանակ վերջնագիրի պայմանները կատարելէ հրաժարելու օգտին արտայայտուած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը: Մնացեալները տակաւին չեն կողմնորոշուած:

30 յունիսին կատարուած հարցախոյզին մասնակցած են հազար քաղաքացիներ: 5 յուլիսի հանրաքուէին ընթացքին քաղաքացիները պիտի որոշեն, թէ Աթէնք պէ՞տք է պետական ծախսերը կրճատէ վարկատուներուն կողմէ առաջարկուած եղանակով: Եթէ անոնք «ոչ» ըսեն, ապա երկիրը կը դիմագրաւէ պարտազանցումի եւ Եւրոյի գօտիէն հեռացման վտանգը: Սակայն Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս 1 յուլիսին յոյներուն յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ անոնք, որոնք կը խօսին վարկատուներու ընթացիկ առաջարկէն հրաժարելու պարագային Եւրոյի գօտիէն Յունաստանի անխուսափելի դուրս գալուն մասին, կը ստեն: «5 յուլիսի հանրաքուէն կասկածի տակ չի դներ երկրին` Եւրոյի գօտիին անդամակցութիւնը», նշեց ան:

Նախորդը

Աքսայի Մզկիթը Հրեաներուն Եւ Զբօսաշրջիկներուն Առջեւ Բանալու Բանակցութիւննե՞ր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Խօսուի Իշխող Կուսակցութեան Եւ Ազգայնականներուն Միջեւ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութեան Մասին

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?