«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Քոմերսանթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Արաբական լիկան պիտի ստեղծէ արաբական միացեալ զինեալ ուժ մը, որ պիտի օգտագործուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:
Արապի նշած է, որ այդ ուժը պատերազմի ուղարկելու որոշումը պիտի տայ Արաբական լիկայի Պաշտպանութեան խորհուրդը:
Խօսելով արաբական միացեալ բանակի ստեղծման ծրագիրներուն եւ աշխատանքին մասին` լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնած է, որ տակաւին ոչ մէկ մանրամասնութիւն քննարկուած:
Ըստ անոր, այդ ուժը պիտի արձագանգէ` անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներէն եւ պաշտպանութեան նախարարներէն բաղկացած Արաբական լիկայի Պաշտպանութեան խորհուրդին կողմէ համապատասխան որոշումին որդեգրման պարագային: Այլապէս, այդ բանակին մաս կազմող ուժերուն իւրաքանչիւրը տեղակայուած պիտի ըլլայ իր երկրին տարածքին: