Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Ժարուան յայտարարեց, որ Արաբական խորհրդարանը երէկ իր գումարած արտակարգ նիստին ընթացքին կեդրոնացած է արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց, ահաբեկչական յարձակումներուն եւ արտաքին դաւադրութեանց դիմակայման շուրջ ծրագիրի մը քննարկման վրայ, որ կը ներառէ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դիմակայման արաբական պայքարին արաբական ու միջազգային մակարդակներու վրայ աջակցութեան որոշակի միջոցառումներ:
Ժողովին մասնակցած է նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի:
Ժարուան ըսաւ, որ անցնող տասը օրերուն արաբական շարք մը պետութիւններու մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները շատ կարեւոր դրդապատճառներ էին Արաբական խորհրդարանի գրասենեակի արտակարգ նիստ գումարելու եւ մշակելու աշխատանքային արագ ծրագիր մը, որուն մասնակից են արաբական աշխարհի կարեւոր կողմեր, ինչպէս` Արաբական վեհաժողովի նախագահութիւնն ու Արաբական լիկան: