Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութեան Ընթացքին. Տաւութօղլու Քրտամէտ Կուսակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Բռնարարքներն Ու Ժողովրդավարութիւնը Իրարմէ Անջատելու

Յուլիս 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եիւքսեքտաղ, Տաւութօղլու եւ Տեմիրթաշ
Եիւքսեքտաղ, Տաւութօղլու եւ Տեմիրթաշ

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ համախոհական կառավարութեան կազմութեան երրորդ եւ վերջին հանդիպումին համար այցելած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Հանդիպումը աւելի երկարատեւ եղած է, քան Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց հետ հանդիպումները:

Հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու իր տեսակէտը յայտնած է երեք սկզբունքներու` խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան առնչութեամբ, իսկ քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ ներկայացուցած է համախոհական կառավարութեան կազմութեան իր կուսակցութեան տեսակէտը:

«Եթէ խաղաղութիւնը կենսական է, ապա Թուրքիոյ հողերուն վրայ չեն կրնար զինեալ ուժեր ըլլալ», ըսած է Տաւութօղլու` ակնարկելով ՔԱԿ-ին: «Եկէ՛ք, իբրեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն, կեցուածք արտայայտեցէք ամէն տեսակի բռնարարքներու եւ զինումի դէմ», ըսած է ան` պնդելով, որ այդպիսի քայլ մը ոչ միայն պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ քաղաքականութեան, այլ նաեւ պիտի ըլլլայ ի նպաստ քրտամէտ կուսակցութեան: «Բայց եւ այնպէս, մէկ կողմէն «խաղաղութիւն» ըսելով, միւս կողմէն բռնարարքը օրինականացնելը ո՛չ ձեզի, ո՛չ մեզի եւ ո՛չ ալ երկրին օգուտ պիտի բերէ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «լեռներուն վրայ զինեալ խմբաւորումներու ներկայութիւնը հակասութիւն մըն է»:

Տաւութօղլու հանդիպումը նկարագրած է իբրեւ «օգտակար խորհրդակցութիւն մը»` աւելցնելով, որ երկու կուսակցութիւններուն մասնակցութեամբ կառավարութեան մը կազմութեան կարելիութիւնը քննարկելու համար միջկուսակցական պատուիրակութիւններ յառաջացնելու վերաբերեալ որոշում չէ տրուած: Ան աւելցուցած է, որ երկու կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կրնան շարունակուիլ:

Տեմիրթաշ մէկ օր առաջ «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր. «ՔԱԿ-ը սպառնալիք մը ըլլալէն դադրեցնելը բանակցութիւններու ճամբով կ՛ըլլայ: Եթէ մեր կոչէն կախեալ ըլլար, ատեն-ատեն կոչ մը կ՛ուղղէի… մեր կոչէն կախեալ չէ, սակայն այստեղ կոչ պիտի ուղղեմ` ՔԱԿ պէտք է անպայման վար դնէ Թուրքիոյ դէմ բարձրացուցած իր զէնքերը:

«Ճիշդ է, որ լարուածութիւնը բարձր է: Սակայն սուրեր ճօճելու օրը չէ: Այս մէկը կ՛ըսեմ թէ՛ Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան եւ թէ՛ կառավարութեան: Ոչ ոք պէտք է լարուածութիւնը աճեցնելու մասին մտածէ», ըսած էր Տեմիրթաշ:

Ան նաեւ նշած էր, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան միջեւ կազմուած համախոհական կառավարութիւն մը կրնայ «շատ շահաւէտ» ըլլալ, եթէ նկատի ունենայ քրտական հարցի լուծումի ջանքերը շարունակելու համար Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցած սկզբունքները: Տեմիրթաշ յայտնած էր, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը ձախողին եւ արտակարգ ընտրութիւններ տեղի ունենան, իր կուսակցութիւնը կրնայ ստացած քուէներուն համեմատութիւնը բարձրացնել 20 առ հարիւրի:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Բանակը Նախիջեւանի Մէջ Մարտավարական Ռազմափորձեր Կատարած Է

Յաջորդը

«Իրանի Հետ Համաձայնութիւնը Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Անվտանգութեան» Ըսաւ Շթայնմայեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?