Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ թրքական «Բարեկամութիւն» միութեան կազմակերպած իֆթարի ընթացքին եւ Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայութեան քննադատեց իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը` նշելով. «Թուրքիան կարիքը ունի աւելի իրապաշտ տեսակէտներ որդեգրելով Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու»:
«Թուրքիան պէտք ունի ամրապնդելու իր յարաբերութիւնները Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն հետ` սկսելով Եգիպտոսէն եւ Լիպիայէն: Թուրքիան նաեւ պէտք է վերատիրանայ իր «յոյսի փարոս»-ի կարգավիճակին», ընդգծեց Կիւլ:
Թուրքիոյ նախկին նախագահը աւելցուց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը տակաւին կարիքը ունի լուծումի եւ Միջին Արեւելքի մէջ մնայուն խաղաղութիւն տակաւին չէ հաստատուած` նշելով. «Ցաւալի է, որ իսլամական պետութիւններ իրարու դէմ կը կռուին: Այս առումով կը կարծեմ, որ Թուրքիան պէտք է այդ երկիրներուն օգնէ»: