Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Հետ Համաձայնութիւնը Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Անվտանգութեան» Ըսաւ Շթայնմայեր

July 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր
Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր քննադատեց Իսրայէլի` Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութեան ընդդիմութիւնը` նշելով. «Համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ անվտանգութեան հաստատման»:

«Այս համաձայնութիւնը երաշխաւորուած է, եւ Իսրայէլ պէտք է ուշադիր քննէ զայն եւ ոչ թէ այս կարծր կերպով քննադատէ համաձայնութիւնը», յայտարարեց ան` նշելով. «(Համաձայնութիւնը) հիմնուած է թափանցիկութեան եւ Իրանի յանձնառութիւնը հսկելու կարողութեան վրայ»:

Իրանի վարչակարգի շահերու ճշդման խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանի յայտնեց, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու սիոնական լոպիին եւ Իսրայէլի դժգոհութիւնը բանակցութեանց մէջ Իրանի արձանագրած մեծ յաղթանակին ցուցանիշն է: Ան նշեց, որ այս հարցին մէջ վերջնական յաղթանակը կը պատկանի տրամաբանութեան եւ ոչ թէ աղմկարարութեան:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին նշեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը Իրանի իրաւաբանական, թեքնիք եւ քաղաքական յաղթանակն է եւ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ Իրան անձնատուր եղաւ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ նշեց. «Վիեննայի համաձայնութիւնը կը հանգստացնէ ամբողջ աշխարհը, թէ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու ճամբան փակուեցաւ»` աւելցնելով, որ «համաձայնութիւնը ընդարձակ դրական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ մօտ օրէն պիտի այցելէ Թեհրան: Ան նշեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «երէկ զիս դարձեալ հրաւիրեց. նախապէս զիս հրաւիրեց, սակայն չընդունեցի: Անոր ըսի, որ Իրան պիտի մեկնիմ, ինչ որ կը նշանակէ, որ պիտի մեկնիմ Իրան»:

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար եւ փոխվարչապետ Սիկմար Կապրիել մտադիր է Թեհրանի հետ կնքուած համաձայնութեան ընձեռած առիթներէն արագօրէն օգտուելու նպատակով կիրակի օր Իրան այցելել:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ անոր ներկայացուց Իրանի հետ կնքուած համաձայնութեան բովանդակութիւնը: Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Իրան-վեցեակ համաձայնութիւնը` զայն նկատելով տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ եւ խաղաղ միջոցներով լուծելու օրինակ մը:

 

 

Նախորդը

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութեան Ընթացքին. Տաւութօղլու Քրտամէտ Կուսակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Բռնարարքներն Ու Ժողովրդավարութիւնը Իրարմէ Անջատելու

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Սպառնացած Է Թուրքիոյ

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.