
«Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ յայտարարած է, որ եթէ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ բանակցութիւններէ ետք չկարենայ կազմել համախոհական կառավարութիւն, ապա այդ գործը պիտի յանձնուի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի:
Փոխվարչապետը նշած է, որ թէեւ կառավարութիւն կազմելու համար նախատեսուած 45-օրեայ ժամկէտը նոր սկսած է, սակայն Տաւութօղլու չի պատրաստուիր մինչեւ վերջ զայն օգտագործել: Առընչի համոզումով` վարչապետը երկու հանգրուանով հանդիպումներ պիտի ունենայ կուսակցութիւններուն հետ, որմէ ետք կառավարութիւն պիտի կազմէ:
«Եթէ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու չյաջողի համախոհական կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ, ապա այդ պարտականութիւնը պիտի վերադարձնէ»: Ատկէ ետք այդ գործը պիտի ստանձնէ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Ան ալ իր աշխատանքները յառաջ պիտի տանի», ըսած է ան` ընդգծելով, որ իրենք ժամանակի վրայ խաղալու մտադրութիւն չունին:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յաջողութիւն մաղթած է վարչապետ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուին, որուն յանձնարարուած է կառավարութիւն կազմելու գործը:
Էրտողան նշած է. «Երկիրը կարիքը ունի նոր համախոհական կառավարութեան, կարիքը ունի, որ ոչ թէ պիտի կեդրոնանայ անցեալին վրայ, այլ պիտի գտնէ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծումը եւ ջանքեր գործադրէ Թուրքիոյ բարեկեցիկ ապագայի կառուցման համար»: Ան համոզում յայտնած է, որ այս հարցին մէջ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններուն վրայ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ինկած է: