Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ապահովական Կացութիւնը Կը Վատթարանայ. ՔԱԿ Մէկ Օրուան Մէջ Սպաննեց 20 Թուրք Զինուոր

Օգոստոս 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տոլմապահչէ պալատին մուտքը
Տոլմապահչէ պալատին մուտքը

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարաւարեւելեան քրտաբնակ Սղերդ նահանգին մէջ երէկ 8 թուրք զինուորներ սպաննուեցան, երբ ճամբեզրին զետեղուած ական մը թիրախ դարձուց զանոնք փոխադրող զինուորական մեքենան:

ՔԱԿ երէկ յայտարարեց, որ Տիգրանակերտի մօտ բանակի մէկ զօրանոցին դէմ յարձակում գործելով սպաննած է 12 թուրք զինուոր:

Երեքշաբթի գիշեր Տիգրանակերտ-Բիւրակն ճամբուն վրայ ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներուն ընթացքին թրքական բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած էր 5 զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Թուրք զինուորները յարձակած են Տիգրանակերտի որոշ թաղամասերու ղեկավարներու ձերբակալութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարող 100-150 անձերուն վրայ, որոնք փակած էին ճամբան:

Երեքշաբթի օր Տիգրանակերտի Լիճէ գաւառին մէջ եւս բախումներու ընթացքին սպաննուած էին 3 թուրք զինուորներ:

Քրտական գործողութիւնները աշխուժացած են այն բանէն ետք, երբ Տիգրանակերտի մէջ ինքնավարութիւն հռչակելնուն համար ձերբակալուած են Սուրի եւ Սիլվանի 6 համաքաղաքապետներ:

Յիշեցնենք, որ 10 օգոստոսին ինքնավարութիւն հռչակած էր նաեւ Շըռնաքի շրջանը: Հետագային անոր օրինակին հետեւած էին Կորճայքը, Տիգրանակերտի Սիլվան շրջանը եւ Պաթմանի նահանգը: 18 օգոստոսին ինքնավարութիւն հռչակած էր նաեւ Պոլսոյ Կեզի թաղամասը:

Միւս կողմէ, Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մուտքին կատարուած հրացանաձգութենէ ետք ձերբակալուեցան 2 զինեալներ: Անոնք կրակ բացած էին պալատին հսկող ոստիկաններուն վրայ, որոնցմէ մէկը թեթեւօրէն վիրաւորուած էր: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ 2 զինեալները ձերբակալուած են դէպի Գերմանիոյ հիւպատոսարան փախուստ տալու ընթացքին:

Տոլմապահչէ պալատին մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակը: Միջադէպին պահուն Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու կը գտնուէր Անգարա: Պալատը 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարուն ծառայած է իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարման գլխաւոր կեդրոն: Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք այդտեղ մահացած է 1938-ին:

Յիշեցնենք, որ յունուարին ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի անդամ մը պալատին պահակներուն դէմ յարձակում գործելէ ետք ձերբակալուած էր:

Մինչ այդ, 18 օգոստոսի գիշերուան ժամը 11:00-ին Պոլսոյ Էսենլեր շրջանի Թունա թաղամասին մէջ ՔԱԿ-ի երիտասարդական թեւը եղող Յեղափոխական հայրենասիրական երիտասարդական շարժումի 15-20 անդամներ կատարած են «ապօրինի» ցոյց մը: Ոստիկանութիւնը կրակ բանալով ցրուած է ցոյցը: Սպաննուած է 17 տարեկան երիտասարդ մը, որ կը կարծուի ցուցարարներէն մէկը ըլլալ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի հերքեց «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ իր զրոյցին ընթացքին ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի ղեկավարներէն Ճեմիլ Պայըքի այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներ ՔԱԿ-ի հետ անուղղակի բանակցութիւններ կը վարէ թրքական կառավարութեան հետ զինադադար հաստատելու համար: «Ձեզի կրնամ ըսել, որ ՔԱԿ-ի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մէջ չենք. բացարձակապէս ոչ: Անիկա արտասահմանեան ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է: ՔԱԿ-ին հետ սեղան նստելով բանակցութիւններ չենք վարեր», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ճեմիլ Պայըք Մուրաթ Քարայըլանի եւ Ֆեհման Հիւսէյնի հետ մաս կը կազմէ ՔԱԿ-ի ղեկավար խորհուրդին:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Արագօրէն Կ՛ուղղուի Դէպի Խորհրդարանական Նոր Ընտրութիւններ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?