
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Թուրքիա արագօրէն կ՛ուղղուի դէպի խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ, որովհետեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւն ձեւաւորելու ձախողութենէն ետք ստեղծուած քաղաքական անելէն կարելի է դուրս գալ միայն ժողովուրդին կամքին ընդառաջող լուծումի մը ճամբով»:
Նախապէս նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած էր, որ 18 օգոստոսին խումբ մը ակադեմականներու եւ մտաւորականներու հետ ճաշի մը ընթացքին «նախագահը իր առջեւ եղող ընտրանքները թուած է եւ յայտնած, թէ անոնցմէ մէկը (կառավարութիւնը կազմելու) լիազօրութիւնը Քըլըճտարօղլուի չտալն է: Ան նշեց, որ ասիկա իր նկատի ունեցած ընտրանքներէն մէկն է»:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ եւ բանբեր Հալուք Քուչ յայտնած էր, որ իրենց կուսակցութիւնը կը սպասէ, որ նախագահ Էրտողան համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման պարտականութիւնը վստահի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական մարմինը յայտնեց, որ ըստ օրէնքի 90 օր ետք նախատեսուած խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու թուականը յառաջաձգելու իրաւասութիւնը ունի: Մարմինը այդ մէկը հիմնաւորեց թրքական սահմանադրութեան 79-րդ յօդուածով եւ ընտրական օրէնքի 9-րդ յօդուածով:
Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան, արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու որոշում կրնայ տալ նախագահը կամ խորհրդարանը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւրներ յայտնած են, որ Էրտողան նոր կառավարութեան մը ձեւաւորման շուրջ պիտի խորհրդակցի խորհրդարանի նախագահ Իսմեթ Եըլմազի հետ: