«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չէ յաջողած համախոհական կառավարութիւն կազմելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել խորհրդարան մուտք գործած երեք կուսակցութիւններուն` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ:
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ պէտք է տեղի ունենան: Կ՛ենթադրուի, որ յառաջիկայ օրերուն Էրտողան պիտի լուծարէ խորհրդարանը եւ արտակարգ ընտրութիւններու հրաւէր ուղղէ: Մինչ այդ, պիտի գործէ խորհրդարանական կուսակցութիւններէն համամասնական հիմքի վրայ ձեւաւորուած ժամանակաւոր կառավարութիւն մը:
Միւս կողմէ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ, կուսակցութեան բանբեր Հալուք Քուչ յայտնեց, որ իրենց կուսակցութիւնը կը սպասէ, որ նախագահ Էրտողան համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման պարտականութիւնը վստահի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի:
Ան նշեց, որ Տաւութօղլու չէ կրցած կառավարութիւն կազմել, ուստի «այդ պատճառով Տաւութօղլուն պէտք է օրինականութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգային կամքին նկատմամբ իր յարգանքը ցուցադրէ եւ ըստ ընդունուած կարգի կառավարութեան կազմութեան լիազօրութիւնը վերադարձնէ հանրապետութեան նախագահին»:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Տաւութօղլու կառավարութեան ձեւաւորման լիազօրութիւնը վերադարձուցած է Էրտողանի: