Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Քորէա-Հիւսիսային Քորէա Սահմանային Միջադէպ

Օգոստոս 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Korea_8-20-15

«Ռիոնհապ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի ուժերը բարձր պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են Հիւսիսային Քորէայի հետ սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպէ մը ետք:

Հարաւային քորէացի զինուորները երէկ պատասխան կրակ բացած են Հիւսիսային Քորէայի տարածքին ուղղութեամբ: Հարաւային Քորէայի ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հրետանին տասնեակ մը 155 միլլիմեթրնոց ռումբեր արձակած է Հիւսիսային Քորէայի տարածքին ուղղութեամբ:

Հարաւային Քորէայի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Սէուլ պատասխան կրակով ոչնչացուցած է Հիւսիսային Քորէայի հրետանիի դիրքերը: «Ըստ մեր տուեալներուն, պատասխան հարուածները յաջողութեամբ խոցած են հիւսիսային քորէական դիրքերը», ընդգծած է ան:

Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ Հիւսիսային Քորէայի բանակի ստորաբաժանումները ամբողջ ապառազմականացուած գօտիի երկայնքին ոտքի հանուած են տագնապի ազդանշանով:

Հարաւային Քորէայի իշխանութիւնները վտանգաւոր շրջանէն կը հեռացնեն բնակչութիւնը:

Երէկ առաւօտեան հաղորդուած էր, որ Հիւսիսային Քորէայի բանակը Հարաւային Քորէայի բանակի դիրքերուն դէմ կրակ բացած է ապառազմականացուած գօտիի շրջանին մէջ: Աւելի ուշ նաեւ հաղորդուած էր, որ Հիւսիսային Քորէան գնդակոծած է այն շրջանը, ուր տեղակայուած են Հիւսիսային Քորէայի քարոզչութիւն հեռարձակող բարձրախօսները:

 

Նախորդը

Սէյնթ Լուիսի Մէջ Ոստիկանութիւնը Սպաննեց Ափրիկեան Ծագումով Երիտասարդ Մը

Յաջորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Որդեգրած Է Յունաստանին Օգնելու Ծրագիրը

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?