Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքը` վկայակոչելով պաղեստինեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Համաս շարժումի զինեալները բռնած են դլփին մը, որ, ինչպէս կ՛ենթադրուի, օգտագործուած է իսրայէլեան հետախուզութեան օգտին լրտեսութիւն կատարելու համար:
Դլփինը բռնած են քանի մը շաբաթ առաջ` Կազայի ափերէն ոչ հեռու, ուր տեղի կ՛ունենար Համաս շարժումի մասնայատուկ ծովային ուժերու ռազմափորձը:
Պաղեստինեան «Քուտս» օրաթերթը կը նշէ, որ զինեալներուն ուշադրութիւնը գրաւած են դլփինի «կասկածելի տեղաշարժերը»: Օրաթերթին տեղեկութեանց համաձայն, դլփինը զինուած եղած է նետերու արձակման սարքով, ինչպէս նաեւ տեսանիւթի հաւաքման եւ մասնաւորաբար զինեալներու ռազմափորձերու նկարահանման տեսախցիկով: