
Համաս շարժումի ղեկավարներէն Հասան Եուսեֆ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ երկարատեւ զինադադարի համաձայնութեան մը գոյացումը մօտալուտ է: Ան այդ լուրերը նկատեց «միայն մամլոյ երեւակայութիւն»:
Ան ընդգծեց, որ զինադադարին մասին զրոյցները պարզապէս կացութիւնը հանդարտեցնելու համար միջնորդի դերակատարութիւն կատարողներու կողմէ գաղափարներ են:
Զինադադարի շուրջ համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալուն լուրերուն վերաբերեալ Համասի կեցուածքին անդրադառնալով Եուսեֆ ըսաւ, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է լուծում բերէ Կազայի բնակչութեան կեանքի դժուարութիւններուն եւ քաղաքական գին չունենայ: «Քաղաքական շարժումը կախեալ է Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութենէն, Պաղեստինեան իշխանութենէն ու նախագահութենէն, իսկ Համաս այդ ուղղութեամբ չ՛ընթանար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Համաս պաղեստինեան բոլոր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցած է իր պատկերացումը եւ շեշտած ապագայ որեւէ համաձայնութիւն ազգային համաձայնութեամբ գոյացնելու նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը: