Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ «Էրտողան Նախագահական Համակարգին Մէջ Խալիֆա Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Տիլիփաք

October 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dilipak_102715

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետեւորդ յօդուածագիր մը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգի որդեգրման պարագային, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խալիֆա» կամ սիւննիական աշխարհի ղեկավարը պիտի ըլլայ:

Թրքական «Ենի Աքիթ» օրաթերթի յօդուածագիր Ապտուրահման Տիլիփաք Թորոնթոյի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական համակարգման կեդրոնին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահական նոր պալատի սենեակները պիտի վերապահուին խալիֆայութեան ենթակայ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ խալիֆայութիւնը երբեք չէ ջնջուած:

«Եթէ Ռեճեփ Էրտողան անցում կատարէ դէպի նախագահական համակարգ, ան հաւանաբար խալիֆայութեան ենթակայ շրջաններէն խորհրդատուներ պիտի նշանակէ եւ Պեշթեփէի մէջ 1005 սենեակներէ բաղկացած նախագահական պալատին մէջ Իսլամական Միութեան բոլոր ազգերու ներկայացուցչութիւններ պիտի բանայ», ըսած է ան:

Տիլիփակ նաեւ աւելցուցած է, որ Էրտողան աշխարհի իսլամ բոլոր ժողովուրդներուն մօտ խորհրդատուներ պիտի նշանակէ:

Էրտողան-Առընչ Պայքար

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներ Էրտողանի եւ նախկին փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչի միջեւ պայքար սկսած է: 1 նոյեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու նախօրեակին Առընչ սկսած է խստօրէն քննադատել Էրտողանը: Նկատի ունենալով յառաջիկայ ընտրութիւններուն խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան համար 400 աթոռ «ապահովելու» մասին Էրտողանի յայտնի յայտարարութիւնը` Առընչ վերջերս պատկերասփիւռէն յայտարարած է, որ, հակառակ ոմանց կողմէ կատարուող «400 երեսփոխաններ տուէ՛ք» յանձնարարութեան, ինք այդպիսի բան պիտի չըսէ:

Ատկէ ետք Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը եւ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը Առընչը տեղեկատուական շրջափակման մէջ առած են: Առընչն ալ` հասկնալով այդ պատուէրի հեղինակին ինքնութիւնը, յայտարարած է. «Ես ոմանց նկատմամբ կորսնցուցած եմ յարգանքս: Մարդիկ պէտք է ճիշդ կերպով ընտրեն իրենց կուսակցական ընկերները»:

 

 

Նախորդը

Ուժգին Երկրաշարժ Փաքիստանի Եւ Աֆղանիստանի Մէջ

Յաջորդը

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.