Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Քառակողմ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Syria(2)_10-23-15

Երէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի միջեւ քառակողմ հանդիպում մը: Սակայն նախքան այդ հանդիպումը, վերոնշեալ նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ:

Քառակողմ հանդիպումի աւարտին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման ժամկէտին շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, իսկ իր երկիրը կառչած կը մնայ «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Մեր գործընկերներուն մօտ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ վերապահութիւններ գոյութիւն ունին, իսկ մենք կ’ըսենք, որ Ասատի ճակատագիրը կը ճշդէ անոր ժողովուրդը»` աւելցնելով. «Կ’ուզենք սուրիական տագնապի լուծումը եւ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը ապահովել»:

Ան շեշտեց, որ սէուտցիք եւ թուրքերը վստահեցուցած են, որ կառչած կը մնան սուրիական տագնապին լուծման համար ժընեւեան սկզբունքներուն` նշելով, որ ռուսական կողմը յայտնած է, որ պէտք է սուրիական ընդդիմութեան օժանդակել, որպէսզի միացեալ պատուիրակութիւն մը կազմէ` մասնակցելու համար երկխօսութեան: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ քառեակը պէտք է ընդլայնուի եւ անոր միանան Եգիպտոսն ու Իրանը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ Վիեննայի հանդիպումը «արդիւնաւէտ եւ շինիչ էր»` նշելով, որ քառեակը կրնայ յառաջիկայ ուրբաթ օր հանդիպում ունենալ` քննարկումները ընդլայնուած ձեւով շարունակելու համար: «Ներկայացուցինք կարգ մը գաղափարներ, որոնք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը մեծապէս կրնան փոխել», ըսաւ ան:

Մետվետեւ. «Ռուսիա Երբեք Պիտի Չփոխէ
Սուրիոյ Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը»

Medvedev_10-23-15

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Մոսկուա կատարած այցելութեան մասին եւ նշած, որ Ասատ նոյնքան հանգիստ եւ զուսպ էր, որքան հինգ տարի առաջ Մոսկուա կատարած այցելութեան ժամանակ:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիան երբեք պիտի չփոխէ իր քաղաքականութիւնը: «Մենք կ՛աջակցինք օրինական կառավարութեան», նշած է ան` վստահութիւն յայտնելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնի: «Մենք պէտք է օգնենք Սուրիոյ` պաշտպանելու իր գերիշխանութիւնը», աւելցուցած է ան:

Մետվետեւ ընդգծած է, որ միայն սուրիացիները պէտք է որոշեն իրենց ապագան եւ ընտրեն իրենց ղեկավարը:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Աթէնք կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Ասատ տագնապին լուծումը չէ, այլ խնդիրը` ընդգծելով, որ պէտք է աշխատանք տանիլ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակը պէտք է քաղաքական լուծման զուգահեռ իրագործուի` պահանջելով, որ սուրիական եւ շրջանային բոլոր ուժերը մասնակից դառնան քաղաքական լուծումին:

Տը Միսթուրա նաեւ նախատեսեց, որ «Սուրիոյ մէջ ընտրութիւնները տեղի ունենան յառաջիկայ տարուան ընթացքին»:

Նախորդը

Սուրիայէն Իրաք Եկող ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Հարուածելու Շուրջ Իրաք-Ռուսիա Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը,  Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի  Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը, Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Մայիս 14, 2025
Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին,  Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին, Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?