ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Սոչիի «Վալտայ» միջազգային բանավէճի ակումբին մէջ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մասնատումը պիտի ըլլար ահաբեկիչներուն ձեռնտու ռազմավարական սխալ մը:
«Ատիկա ռազմավարական կոպիտ սխալ պիտի ըլլար», ըսած է ան: Լարիժանիի կարծիքով` այդպիսի ընթացք մը պիտի նշանակէ Սուրիոյ տարածքի առանձին մասերուն տիրելու ահաբեկիչներու իրաւունքի ճանաչում, ինչ որ կրնայ մեծցնել զինեալներու աշխուժութիւնը տարածաշրջանի միւս երկիրներուն մէջ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները շատ աւելի արդիւնաւէտ են, քան Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ միջազգային դաշինքի գործողութիւնները: Ան նաեւ նշած է, որ արեւմտեան զինուորականները աչք կը փակեն քարիւղի անօրինական առեւտուրին վրայ:
«Դաշինքը կը խաղայ ահաբեկչութեան հետ», ընդգծած է Իրանի խորհրդարանի նախագահը: