Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 2009-ին տեղի ունեցած «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպին հարցով Միացեալ Նահանգներու մէջ երկուշաբթի դատ բացուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Էհուտ Պարաքի դէմ: Դատական հայցը ներկայացուած է դէպքին զոհերէն Ֆարքան Տողանի ընտանիքը:
Ըստ օրաթերթին, Պարաք պիտի կանգնի Քալիֆորնիոյ մէջ դատարանի մը առջեւ, եւ «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպի միւս զոհերուն ընտանիքները եւս պիտի կարողանան միանալ դատական գործին:
Նշենք, որ թրքականին կողքին Տողան նաեւ տէր է ամերիկեան քաղաքացիութեան: Ան սպաննուած էր, երբ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր ներխուժած էին Կազայի շրջափակումը խզելու համար դէպի Կազա նաւարկող թրքական «Մաւի Մարմարա»: