Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա Վեթոյի Ենթարկած Է Ուքրանիոյ Զէնքի Մատակարարումներ Արտօնող Օրինագիծը

October 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Obama_10-23-15

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վեթոյի ենթարկած է 1 հոկտեմբեր 2016-ին սկսած ելեւմտական տարուան պաշտպանութեան մարզի ծախսերու օրինագիծը:

Միացեալ Նահանգներու պիւտճէի նախագիծը կը ներառէր կէտ մը, որ կը վերաբերէր Ուքրանիոյ ռազմական օգնութեան ցուցաբերման:

Նախագահին այս որոշման պատճառներուն մասին բազմիցս յայտարարած է անոր բանբերը` Ճոշուա Էռնեսթ: Ըստ վերջինիս, ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարին չեն գոհացներ քանի մը «պահեստային ֆոնտերը», որոնք տեղ գտած են նախագիծին մէջ, եւ զորս վարչակարգը կը համարէ երկրի ռազմական կարիքներու ֆինանսաւորման նկատմամբ «անպատասխանատու մօտեցման» դրսեւորում, ինչպէս նաեւ «Կուանթանամոյի բանտի փակման համար խոչընդոտներու» վերաբերեալ առանձին կէտերը:

Այդ փաստաթուղթին մէջ, որ նախապէս որդեգրուած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կողմէ, ռազմական կարիքներու համար յատկացումներու ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 612 միլիառ տոլար: Թեքսթը չի պարտաւորեր, սակայն պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըրը կ՛օժտէ Քիեւի «անվտանգութեան եւ հետախուզական ոլորտին մէջ պատշաճ աջակցութիւն» ցուցաբերելու համար 300 միլիոն տոլար օգտագործելու իրաւունքով:

Ծերակոյտին մէջ հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ ՄաքՔոնել նախորդ շաբաթ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Քոնկրեսի վերին պալատը պիտի կարողանայ յաղթահարել ռազմական պիւտճէի նախագիծի վրայ Օպամային դրած վեթոն:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Նախարարութեան Բարձրաստիճան Աշխատակիցները Ձերբակալուած Են

Յաջորդը

Անձնասպանական Գործողութիւն Սէուտական Արաբիոյ Նաճրան Շրջանին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»

February 12, 2026
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք,  Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ  Որոշումները Ներքին Հարց Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Պատրաստ Ենք Իւրանիոմի Հարստացման Համեմատութեան Եւ Հարստացուած Իւրանիոմի Պահեստի Ծաւալին Շուրջ Բանակցելու»

February 12, 2026
Փեզեշքիան. «Հիւլէական Զէնքի Ձեռք Բերման Չենք Ձգտիր, Եւ Պատրաստ Ենք Բոլոր Տեսակի Հետաքննութիւններուն Եւ Ստուգման»
Միջազգային

Փեզեշքիան. «Հիւլէական Զէնքի Ձեռք Բերման Չենք Ձգտիր, Եւ Պատրաստ Ենք Բոլոր Տեսակի Հետաքննութիւններուն Եւ Ստուգման»

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.