«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելով վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւնները:
Օպամայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ շնորհաւորած է Էրտողանը: Կողմերը քննարկած են 15-16 նոյեմբերին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի օրակարգային հարցերը: Անոնք ցանկութիւն յայտնած են նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան գործողութիւններուն վերջ տրուի:
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով Սպիտակ տան, կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը յայտնած է. «Ղեկավարները քննարկած են իրավիճակը Սուրիոյ մէջ, սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան ուժերու ամրապնդման եւ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ ճնշումներու ուժեղացման կարեւորութիւնը: Անոնք քննարկած են նաեւ տագնապին` բանակցութիւններու ճամբով լուծման հասնելու պայմաններու ստեղծման ուղիները, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցումը»:
Օպամա նաեւ հեռաձայնած է Թուրքիոյ վարչապետ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուին` զայն եւս շնորհաւորելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրած յաղթանակին առնչութեամբ: Օպամա-Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութեան հիմնական նիւթերը եւս եղած են սուրիական զարգացումներն ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը: