
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Ռիատի միջեւ գործակցութիւնը կարելի է: Ան «Ռաշըն Վիու» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ սուրիական տագնապին լուծման հարցով գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց, կասկած չկայ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին կու տան:
Ան նշեց, որ Մոսկուայի վարած քաղաքականութիւնը կը ձգտի համաշխարհային համակարգի ամրապնդման` երաշխաւորելու համար խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրներու միջեւ սովորական յարաբերութիւնները:
«Ահաբեկչական բջիջներուն վերջ տալն ու այդպիսի երեւոյթներու արգիլումը ընդհանրապէս Ռուսիոյ ռազմավարական եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ ռուսական շահերը կ՛ապահովէ», ըսաւ ան եւ վերահաստատեց Սուրիոյ մէջ կառավարական բանակին, զինեալ չափաւորական ընդդիմութեան, Սուրիական ազատ բանակին եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ ազդու դաշինք մը գոյացնելու Մոսկուայի հրաւէրը` աւելցնելով, որ ատիկա փոխադարձ վստահութիւնը պիտի աւելցնէ եւ երկրին մէջ քաղաքական հոլովոյթը յառաջ մղելու նպաստող մթնոլորտ պիտի ստեղծէ:
«Տակաւին կանուխ է շրջանին մէջ կացութեան բարելաւման մասին խօսելու», նշեց Պոկտանով:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Պոկտանովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին հաստատեց, որ Իրան պիտի մասնակցի Վիեննայի մէջ Սուրիոյ տագնապին շուրջ ժողովին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ արտաքին ուժերը պէտք է սուրիացիները դէպի երկխօսութեան սեղան մղեն` աւելցնելով, որ Վիեննայի մէջ քննարկումները պէտք չէ միայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին շուրջ ըլլան:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ զինուորներ պիտի ուղարկեն Սուրիա, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու պատրաստակամ ու կարող տեղական յաւելեալ ուժեր գտնուին:
Միւս կողմէ, սուրիական բանակը Քուէյրաս զինուորական օդակայանի շրջափակումը խզելու ձգտող իր գործողութեան ծիրին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բախումներու ընթացքին իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ եւ օդակայանին մօտ գտնուող Շէյխ Ահմետ գիւղը: