
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ վարմունքին փոփոխութեան պատճառով կ՛արդիականացնէ դիմակայման եւ պաշտպանութեան իր ծրագիրները: Ան Քալիֆորնիոյ մէջ պաշտպանութեան հարցերու նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն անմիջական ծրագիրներ կը կիրարկէ արգելք հանդիսանալու համար, որ Ռուսիա որեւէ նախայարձակում գործէ, ինչպէս նաեւ իր դաշնակիցներուն խոցելիութիւնը նուազեցնելու համար:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛ամրապնդեն ռուսական որեւէ նախայարձակման դիմակայելու համար իրենց դիրքը, Ուաշինկթըն իր հիւլէական զինանոցը կ՛արդիականացնէ, ինչպէս նաեւ ներդրում կը կատարէ գերարդիական միջոցներու մէջ, ինչպէս` առանց օդաչուի թռչող սարքերու, հեռահար ռմբաձիգներու, շողարձակումներու, ելեկտրոնային պատերազմի եւ ելեկտրամագնիսական հրետանիի զարգացման մէջ», ըսաւ Քարթըր:
«Մենք մեր դիմակայման ու պաշտպանութեան ծրագիրները կ՛արդիականացնենք եւ կը զարգացնենք Ռուսիոյ վարմունքի փոփոխութեան լոյսին տակ: Ուաշինկթըն նաեւ կ՛ուզէ զարգացնել լրատուական քարոզարշաւներու մէջ իր կարողութիւնները` փոխանցելու համար իրականութիւնը այն մարզին մէջ, որ կրնայ ազդել Ռուսիոյ վրայ», ընդգծեց Քարթըր:
Մինչ այդ, Եւրոպայի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերու հրամանատարութենէն յայտնեցին, որ ամերիկեան օդուժը Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայան ուղարկած է «Էֆ-15Սի Իկըլ» տիպի կործանիչներ` ընդառաջելով Թուրքիոյ իր օդային տարածքի անվտանգութիւնը ապահովելու խնդրանքին` աւելցնելով, որ այդ քայլը «Թուրքիոյ գերիշխանութեան աջակցելու եւ շրջանի հաւաքական անվտանգութեան աջակցելու մեր հաստատակամ աջակցութեան ցուցադրութիւն» մըն է:
«Պիտի շարունակենք մեր թուրք գործընկերներուն հետ թրքական օդային տարածքի գերիշխանութեան աջակցութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ը տկարացնելու ու քանդելու մեր հասարակաց ջանքերուն վերաբերեալ սերտօրէն գործակցիլ», նշուած է հրամանատարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Անցեալ ամիս ռուսական կործանիչի մը կողմէ թրքական օդային տարածքին խախտումը բողոքի բուռն ալիք բարձրացուցած էր Անգարայի եւ Պրիւքսէլի մէջ: Անցեալ ամիս թրքական կործանիչներ նաեւ վար առած էին անծանօթ պատկանելիութեամբ անօդաչու թռչող սարք մը:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած էր, որ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին Ռուսիոյ զինուորական ներկայութեան ընդլայնումը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ առաջարկած բանակցութիւններ սկսիլ ՕԹԱՆ-ի կողմէ ատոր համազօր պատասխան տալու համար:


